Ան Էրտողանին ուղղելով իր խօսքերը մասնաւորապէս ըսած է «Դուն կ՚ըսէիր, որ կէս ժամուան ընթացքին Դամասկոս պիտի հասնիս ու մէկ ժամուան մէջ Աթէնք, արդէն 48 ժամ եղած է եւ չես կարողացած հասնիլ Հաթայի աղէտեալներուն։ Անոնք, որոնք դուն համարած ես «Հայու սերմեր » եւ «Յունաց սերունդներ», այսօր եկած են Թուրքիա եւ հինգ աստիճանի պայմաններուն տակ աշխատանք կը տանին փրկելու համար քաղաքացիներդ։Առնուազն յարգէ զիրենք»։
Թուրք ընդդիմադիր լրագրող ՝Ճան Սէրհաթ Հալիս ծանր խօսքերով դիմած է երկրի նախագահ՝ Էրտողանին։
Հալիս, որ յայտնի է իր ընդդիմադիր հայացքներով երկրաշարժէն ետք ստեղծուած իրավիճակին առընթեր ծանր քննադատութեան ենթարկած է Էրտողանի արտաքին քաղաքականութիւնը եւ նշած է, որ Էրտողանի կողմէ Թուրքիոյ թշնամի յայտարարուած հայերն ու յոյները այսօր Թուրքիա եկած է փրկարարական աշխատանքներուն մասնակցելու։