image

Թորոնթոյի մէջ. «Նաղաշ անսամպլ»ի ելոյթը՝ Գերշ. Տ. Բաբգէն արք.ի քահանայաօծման 40-ամեակին

Թորոնթոյի մէջ. «Նաղաշ անսամպլ»ի ելոյթը՝ Գերշ. Տ. Բաբգէն արք.ի քահանայաօծման 40-ամեակին

Մեծ յաջողութեամբ պսակուած է իւրայատուկ առիթով մը՝ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Գանատայի Հայոց Թեմի թեմակալ առաջնորդ Սրբազանի քահանայաօծման 40-ամեակին նուիրուած «Նաղաշ անսամպլ»ի ելոյթը, Թորոնթo քաղաքին մէջ։

Այդ մասին «Արեւելք» կը տեղեականյ Թեմի  Դիմատետրեան պաշտօնական էջէն։

Ստորեւ լրատւութիւնը՝

Հինգշաբթի, 4 Ապրիլ 2024-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանը կազմակերպած էր Նաղաշ Անսամպլի ելոյթը՝ Թորոնթոյի Հայ Երիտասարդական Կեդրոնի Համազգայինի թատերասրահին մէջ, ուր առաջին անգամ ըլլալով հայ գաղութին հրամցուեցաւ միջնադարեան տաղերգու, եպիսկոպոս եւ Տիգրանակերտի Հոգեւոր Առաջնորդ, Մկրտիչ Նաղաշի տաղերը, երաժշտական յօրինումով արուեստագէտ՝ Ճան Հոտեանի։

Ճան Հոտեան ճանչցուած երաժիշտ ու երգահան է եւ իր յօրինած երգերն ու երաժշտութիւնը հարստացուցած են տարբեր միջազգային ֆիլմեր։ 2014-էն ի վեր, Նաղաշ Անսամպլը ելոյթներ ունեցած է եւրոպական շարք մը երկիրներու մէջ, ինչպէս՝ Ֆրանսայի, Պէլճիքայի, Հոլանտայի, Գերմանիոյ, Զուիցերիոյ, Իտալիոյ եւ այլ երկիրներ։

Մոնթրէալի մէջ ելոյթը տեղի պիտի ունենայ՝ Կիրակի, 7 Ապրիլին, երեկոյեան ժամը 7-ին, Salle Pierre-Peladeau-ի մէջ։

Զոյգ ձեռնարկները ձօնուած են Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի քահանայական ձեռնադրութեան եւ օծման 40-ամեակին։

40 տարիներու ծառայական վաստակով ու հոգեւոր կեանքի յանձնառութեամբ, Սրբազան Հայրը միշտ ճաճանչող պահեց քրիստոնէական հաւատքի եւ ազգային ինքնութեան ռահացոյց լոյսը: Իր առաքելութեան քառասնամեայ ճանապարհը լի է ազգին անսակարկ նուիրումով, ամբողջական ծառայութեամբ, եկեղեցանուէր ու հայրենանուէր գործունէութեամբ։

Այս առիթով, մեր խորին շնորհակալութիւնը կը յայտնենք Թորոնթոյի կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամներուն, ատենապետութեամբ՝ Տիկին Նայիրի Շահինեանի, որոնք իրենց ժամանակը տրամադրեցին իրականացնելու Ազգային Առաջնորդարանի սոյն ձեռնարկը։