image

Թրքական «Պայրաքտար»ին դէմ Ամերիկեան պայքա՞ր

Թրքական «Պայրաքտար»ին դէմ Ամերիկեան պայքա՞ր

Ամերիկացի խումբ մը քոնկրէսականներ եւ Ուաշինկթընի մէջ գործող շարք մը հասարակական-քաղաքական կազմակերպութիւններ՝ ի դէմս հայկական, յունական, քրտական, հրէական, հնդկական համայնքներու, «Ի պաշտպանութիւն քրիստոնեաներու» եւ իրաւապաշտպան այլ կազմակերպութիւններու, Միացեալ Նահանգներու կառավարութենէն կը պահանջեն դադրեցնել ամերիկեան այն արհեստագիտութիւններու արտահանումը, որոնք կ'օգտագործուին թրքական ԱԹՍ-ներու (անօդաչու թռչող սարքերու) արտադրութեան մէջ, եւ առհասարակ հետաքննել Թուրքիոյ անօդաչուներու ծրագրի ապակայունացնող դերակատարումը տարածաշրջանին մէջ:

Հայ եւ յոյն աքթիվիսթներու կարծիքով՝ հաւանականութիւնը մեծ է, որ մահաբեր «Պայրաքտարներու» արտադրութեան մէջ օգտագործուող ամերիկեան արհեստագիտութեան մատակարարումը Թուրքիոյ ի վերջոյ դադրի:

Յիշեցնենք, որ խօսքը, թրքական այն հարուածային անօդաչուներու մասին է, որոնք լայնօրէն կիրառուած են 2020-ին Արցախի դէմ պատերազմին, հսկայական մարդկային ու նիւթական կորուստներ պատճառելով հայկական զինուած ուժերուն եւ խաղաղ բնակչութեան:

«Արմէնփրէս»-ի հետ զրոյցին Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն՝ Արամ Համբարեան տեղեկացուցած է, որ թրքական տրոններու ծրագրին դէմ Միացեալ Նահանգներուն մէջ կը պայքարին ինչպէս հայկական, այնպէս ալ յունական, քրտական, հնդկական, հրէական խումբերը, Մերձաւոր Արեւելքի Ժողովը (Middle East Forum), «Ի պաշտպանութիւն քրիստոնեաներու» (IDC) կազմակերպութիւնը, քրիստոնէական եւ իրաւապաշտպան այլ կազմակերպութիւններ, այլ խօսքով՝ բոլոր այն ուժերը, որոնք շահագրգռուած են, որ Թուրքիոյ շրջապատող տարածաշրջանին մէջ՝ Արեւելեան Միջերկրական, Կովկաս, Մերձաւոր ու Միջին Արեւելք անվտանգութիւն եւ կայունութիւն հաստատուի:

«Ծերակուտական Մենենտըս բարձրացուցած է այս հարցը Քոնկրէսի լսումներուն ժամանակ: Առայժմ պատասխան չէ ստացած, բայց ամէն պարագային հարցը բարձրացուած է, որմէ յետոյ Պետական քարտուղարութիւն ուղարկուած Քոնկրէսի 28 անդամներու կողմէ ստորագրուած նամակը, որով քոնկրէսականները կոչ կ'ընէին վարչակազմին հետաքննելու թրքական անօդաչուներու ծրագիրը: Եւ սա երթալով մեծ խնդիր կը դառնայ Ուաշինկթընի մէջ», - ըսած է Արամ Համբարեան:

Շարունակելով թեման՝ Ուաշինկթընի յունական լոպպիի ղեկավար, Առաջնորդութեան յոյն-ամերիկեան խորհուրդի (HALC) գործադիր տնօրէն՝ Էնտի Զեմենիտեսը «Արմէնփրէս»-ի հետ զրոյցին շեշտած է, որ թրքական անօդաչուներու արտադրութիւնը պէտք է դադրի, քանի որ անոնք կ'օգտագործուին ոչ թէ պաշտպանութեան, այլ յարձակման նպատակով՝ ապակայունացնող դեր խաղալով շարք մը հակամարտային գօտիներէն ներս, անոնց կարգին՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտին:

Էնտի Զեմենիտեսը անթոյլատրելի համարած է թրքական մարդասպան անօդաչուներու արտադրութիւնն ու տարածումը ոչ միայն զուտ այն պատճառով, որ անոնք ապակայունացնող եւ քայքայիչ ազդեցութիւն ունին տարածաշրջանի անվտանգութեան միջավայրին վրայ, այլ նաեւ այն պատճառով, որ անոնց միջոցաւ Թուրքիան աւելի հեշտացուցած է այս կամ այն տարածաշրջանի մէջ պատերազմ հրահրելը, վտանգելով ոչ թէ իր զինուորները, այլ ուրիշներու կեանքը:

«Սովորաբար, երբ որեւէ երկիր կ'որոշէ պատերազմի երթալ, նախ եւ առաջ կը հաշուարկէ, թէ ինչքան արիւն եւ գումար պիտի կորսնցնէ այդ պատերազմին: Բայց ամբողջ խնդիրը այն է, որ Թուրքիան, անօդաչուներ եւ սուրիացի վարձկաններ ուղարկելով Արցախեան հակամարտութեան գօտի, կը վտանգէր ուրիշներու, ոչ թէ իր զինուորներուն կեանքը: Եւ երբ ամբողջ աշխարհը դիւանագիտական լուծում կը փնտռէր Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ լարուածութեան կամ Արցախի հարցին՝ Թուրքիան պատերազմ կը հրահրէր այնտեղ՝ անտեսելով, որ անոր հետեւանքով մարդիկ պիտի զոհուին: Երբ քու զինուորներուդ կեանքին համար անհանգստանալու կարիք չկայ,  ուրիշներու մահը քեզի չի հետաքրքրեր: Եւ այս, իմ կարծիքով, թրքական անօդաչուներու հետ կապուած ամենամեծ խնդիրներէն մէկն է», - ըսած է Էնտի Զեմենիտեսը:

Յոյն գործիչը ընդգծած է, որ թրքական անօդաչուները կ'օգտագործուին ոչ թէ կայունացման եւ հիմնախնդրի դիւանագիտական լուծման հասնելու նպատակով, այլ ընդհակառակը՝ ապակայունացնող դեր կը խաղան աւելի սրելով իրավիճակը եւ բորբոքեցնելով պատերազմի կրակը: Եւ շատ լաւ իմանալով Էրտողանի ներքին քաղաքականութեան հիմնական էութիւնն ու բնոյթը, որ հակամարտութիւններ հրահրելն է այլ երկիրներու հետ, շեղելով մարդոց ուշադրութիւնը ներքին խնդիրներէն, ակնյայտ է, որ Թուրքիան պարբերաբար պիտի կիրառէ այս մեթոտը:

«Որեւէ մէկու հետ խնդիր ունենալու պարագային կ'ըսեն՝ «շատ լաւ, եկէք տրոններ ուղարկենք եւ մարդ սպաննենք»: Սա պատերազմներ վարելու անարիւն ձեւ է: Դժբախտաբար, ժամանակակից պատերազմները հետզհետէ կը նմանին համակարգչային խաղերուն: Նոյնիսկ այստեղ՝ Միացեալ Նահանգներ, բանավէճ կայ այդ հարցի շուրջ, որ քանի որ մարտական գործողութիւններուն մարդոց աստիճանաբար կը փոխարինեն ռոպոթները, եւ հետզհետէ կը նուազի պատերազմներուն մարդկային կորուստներու վտանգը, այդ պատճառով շատերուն այլեւս չի հետաքրքրեր այս կամ այն երկիր զինուորականներ կամ ռազմական ներուժ ուղարկելու հանգամանքը: Ինչեւէ, մտածեցէք Թուրքիոյ մասին այդ շրջածիրէն ներս. անոնք կրնան զինուորներու փոխարէն ուղարկել անօդաչուներ եւ առանց գէթ մէկ մարդկային կեանք զոհելու՝ ռազմական գործողութիւններ իրականացնել: Ուստի կը կարծեմ, որ ատիկա աւելի հաւանական կը դարձնէ պատերազմը: Սա է վտանգը: Եւ անոնք ոչ թէ պաշտպանողական, այլ յարձակողական բնոյթի զինատեսակներ են: Թուրքիան կիրառած է զանոնք Արցախի, Լիպիոյ, Սուրիոյ մէջ եւ այլուր», - ըսած է Ուաշինկթընի յունա-ամերիկեան կազմակերպութեան ղեկավարը՝ ընդգծելով, որ Թուրքիոյ այդ ապակայունացնող վարքագիծը հետզհետէ աւելի ակնյայտ կը դառնայ Ուաշինկթընի մէջ:

Եւ եթէ մինչ այդ ամերիկեան քաղաքական վերնախաւը յաճախ կը ստորադասէր արժէքները քաղաքական այն շահերուն, որոնց Թուրքիան կը ծառայէր, ապա Թուրքիոյ կողմէ ռուսական Ս-400 զենիթահրթիռային համալիրներու գնումը, Էնտի Զեմենիտեսի խօսքով, ցոյց տուաւ, որ Թուրքիան այլեւս չի ծառայեր այդ շահերուն:

«Այժմ մենք ոչ միայն չենք կիսուիր հիմնական արժէքները Թուրքիոյ հետ, այլեւ բախման մէջ ենք հիմնական շահերու ոլորտէն ներս: Եւ նոյնը կարելի է ըսել անօդաչուներու պարագային: Մինչ Միացեալ Նահանգները դիւանագիտական լուծումներ կը փնտռէ Արցախի հարցով՝ Թուրքիան անօդաչուներ կը մատակարարէ՝ ապակայունացնելով այնտեղ իրավիճակը: Մինչ Միացեալ Նահանգները իր զօրքերը կը հանէ Լիպիայէն՝ համաձայն այդ երկրի նոր սահմանադրութեան պահանջներուն, Թուրքիան օտարերկրեայ զօրքեր կը պահէ այնտեղ: Մինչ Միացեալ Նահանգները կը կռուի «Իսլամական պետութեան» դէմ՝ Թուրքիան կը ռմբակոծէ «Իսլամական պետութեան» դէմ պայքարող քրտերուն», - ըսած է Զեմենիտեսը՝ յանգելով պարզ եզրայանգման, որ ապակայունացնող Թուրքիան ուղղակիօրէն կը հակասէ կայունացման ձգտող Նահանգներու շահերուն:

Տրոններու խնդիրը, Էնտի Զեմենիտեսի խօսքով, տագնապի երկրորդ ազդանշանն է Ուաշինկթընի համար՝ Ս-400 համալիրներու եւ F-35 կործանիչներու յայտնի պատմութենէն յետոյ: Հետեւաբար, այդ արտօնութիւնը, զոր Թուրքիան ունէր Միացեալ Նահանգներու ռազմարդիւնաբերութեան ոլորտէն ներս, պէտք է մանրամասն ուսումնասիրուի եւ հետաքննուի:

Օգոստոսի սկիզբը Միացեալ նահանգներու Քոնկրէսի Ներկայացուցիչներու պալատէն 25 անդամ միացած էր քոնկրէսականներ Տեյուիտ Չիչիլինէի եւ Կաս Պիլիրաքիսի՝ Պետական քարտուղարութեան ուղղուած երկկուսակցական ուղերձին, որով ամերիկացի օրէնսդիրները կոչ կ'ընէին կառավարութեան կասեցնելու Թուրքիոյ ամերիկեան անօդաչուներու արհեստագիտութիւններու արտահանման արտօնագիրները եւ պաշտօնական հետաքննութիւն կատարելու Թուրքիոյ ԱԹՍ-ներու ծրագրի ապակայունացնող դերակատարման վերաբերեալ: