image

Թրամփ յայտարարած է Ճորճ Սորոսի եւ անոր կազմակերպութիւններու դէմ հետաքննութիւն սկսելու մասին

Թրամփ յայտարարած է Ճորճ Սորոսի եւ անոր կազմակերպութիւններու դէմ հետաքննութիւն սկսելու մասին

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է, որ իր վարչակազմը կը պատրաստուի հետաքննութիւն սկսիլ ամերիկացի միլիառատէր Ճորճ Սորոսի, ինչպէս նաեւ անոր կազմակերպութիւններու ցանցի գործունէութեան վերաբերեալ։

Fox News-ի եթերով Թրամփ յայտարարած է, որ Սորոս ֆինանսաւորած է բողոքի ցոյցերն ու երիտասարդութեան արմատականացումը՝ նպաստելով «ահաբեկչութեան եւ ծայրայեղականութեան թեժացման»։

«Մենք կը հետեւենք, թէ ինչ տեղի ունեցած է Սորոսի շուրջ, որպէսզի հասկնանք, որ այդ կապուած է նաեւ ՌԻԿՕ-ի (1970-ին ընդունուած Միացեալ Նահանգներու դաշնային օրէնք՝ ուղղուած կազմակերպուած յանցաւորութեան դէմ պայքարին) հնարաւոր կիրառման անոր եւ խումբ մը այլ անձերու նկատմամբ»,– ընդգծած է Թրամփ։