Արամ Ա. Կաթողիկոս յաջողութիւն մաղթեց Ս.Դ.Հ.Կ.ի Լիբանանի շրջանի նորընտիր Վարիչ Մարմինին եւ Կեդրոնական նորակազմ Վարչութեան։ Կուսակցութեան պատուիրակութիւնը վերահաստատեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հետ մնայուն համակարգումին իր յանձնառութիւնը՝ ի սպաս լիբանանահայ համայնքի բարօրութեան։
Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Լիբանանի շրջանի նորընտիր Վարիչ Մարմինը, գլխաւորութեամբ ատենապետ Վանիկ Տագէսեանի եւ ընկերակցութեամբ Ս.Դ.Հ.Կ.ի նորընտիր Կեդրոնական Վարչութեան ատենադպիր Ալեքսան Քէօշկէրեանի, Ուրբաթ, 23 Հոկտեմբեր 2026-ին, Անթիլիասի Մայրավանք այցելեց եւ հանդիպում ունեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ:
Տեսակցութիւնը նախ հնարաւորութիւն էր ստանալու Վեհափառ Հայրապետին օրհնութիւնը, ինչպէս նաեւ քննարկելու տեղական ու հայկական նորութիւնները: Վ. Տագէսեան ներկայացուց նորընտիր Վարիչ Մարմինին անդամները, իսկ Ա. Քէօշկէրեան՝ նորընտիր Կեդրոնական Վարչութեան կազմը:
Շատ մտերիմ եւ անմիջական մթնոլորտի մէջ ընթացած քննարկումը կեդրոնացաւ Լիբանանն ու Հայաստանը յուզող հարցերուն վրայ՝ արծարծելով մանաւանդ գործնական քայլերը, որոնց միջոցաւ կարելի կ՚ըլլայ յաղթահարել հայութիւնը մտահոգող մարտահրաւէրները եւ լուծել առկայ խնդիրները: Շեշտուեցաւ լիբանանահայ քաղաքական ոյժերուն միջեւ միասնականութիւնը ամրապնդելու եւ լիբանանահայ համայնքին մէջ համագործակցական աշխատանքը նոյն թափով շարունակելու անհրաժեշտութիւնը: