ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի շրջաններ տրուելիք հովուական այցերու ծիրէն ներս, օրերս Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ եպս. Տօնոյեան այցելութիւն տուած է Լաս Վեկասի շրջան։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Թեմի դիմատետրեան էջէն, ուրկէ ալ կը մէջբերենք ստորեւ տրուած լրատւութիւնը։
Անցնող շաբաթավերջին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, ընկերակցութեամբ Ազգ. վարչութեան ատենապետ՝ Տիար Վահէ Յովակիմեանի եւ Տիկնոջը՝ Յասմիկի, Ազգ. վարչութեան փոխ ատենապետ՝ Տիար Մհեր Տէր Յովհաննէսեանի, այցելեց Լաս Վեկասի ծխական համայնք՝ աղօթական հոգեպարար մթնոլորտ ստեղծելով եւ հոգեւոր ոգեւորութիւն պարգեւելով տեղւոյն հայ համայնքի զաւակներուն, Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով:
Արդարեւ, Կիրակի, 21 Յունուար 2024-ի առաւօտեան, Առաջնորդ Սրբազանը Լաս Վեկասի Հայց. Առաք. առաջին՝ Ս. Կարապետ եկեղեցի մուտք գործեց դպրաց ու սարկաւագաց թափօրի «Հրաշափառ» շարականի երգեցողութեամբ, առաջնորդութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ. Արցախ մասնաճիւղի դրօշակակիր անդամներու, Ս. եւ անմահ Պատարագ մատոյց եւ աւուր պատշաճի քարոզեց՝ ըսելով. «Այսօր մենք բոլորս որպէս ուխտաւորներ, եկած ենք Լաս Վեկասի Ս. Կարապետ եկեղեցին, առաքեալին բառերով՝ որպէս լոյսի որդիներ պարգեւ ստանալու գթառատ եւ ամենատես Հայր Աստուծմէ»: Իր հոգեպարար քարոզին ընդմէջէն Առաջնորդ Սրբազանը նաեւ դիտել տուաւ, որ մենք այդ բարիքները կը վայելենք ո՛չ թէ մեր արժանիքներուն համար, այլ՝ Աստուծոյ ողորմածութեան շնորհիւ, ապա հաւատացեալ բազմութիւնը հրաւիրեց բարի ու օգտաշատ ներկայութիւն դառնալու համայնքի կեանքէն ներս, միաժամանակ սրտագին մաղթանքներով շնորհաւորելով եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը:
Ս. խորանին սպասարկեցին Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Արցախ Քհնյ. Պատոյեան, Կրօնական ժողովի անդամ՝ Արժ. Տ. Մովսէս Քհնյ. Շաննագեան, սարկաւագներ եւ դպիրներ: Պատարագի աւարտին, Թորգոմ Եպիսկոպոս նաեւ կատարեց հոգեհանգստեան կարգ եւ օրհնեց գիշեր մը առաջ պատրաստուած մատաղը, որ բաժնուեցաւ եկեղեցին լեցուցած ժողովուրդին։
Յետ արարողութեան, Առաջնորդ Սրբազանը ժողովական հանդիպում ունեցաւ շրջանի երեսփոխաններուն հետ, մասնակցութեամբ Ազգային վարչութեան անդամներու։
Յայտնենք, որ Առաջնորդ Սրբազանը իր ընկերակիցներուն հետ Լաս Վեկասի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ համալիր ժամանած էր օր մը առաջ՝ Շաբաթ 20 Յունուարի երեկոյեան: Հակառակ տիրող անբարենպաստ եղանակին, իրենց Հոգեւոր առաջնորդը դիմաւորելու եկած էին բազմաթիւ ծխականներ եւ Լաս Վեկասի Հայկական Պարի Ակադեմիան, որ ազգային պարերու կոկիկ յայտագիրով մը խանդավառեց երեկոն, գլխաւորութեամբ գեղարուեստական ղեկավարին:
Այնուհետեւ սկիզբ առին հարիսայի պատրաստութեան աշխատանքները, օրհնաբեր մասնակցութեամբ Թորգոմ Եպիսկոպոս Տօնոյեանի, որ իր ներկայութեամբ գլխաւորեց Քուճաքեան սրահին մէջ կազմակերպուած Սիրոյ սեղանը: Այս առիթով, Տ. Արցախ Քհնյ. Պատոյեան արտասանեց բարի գալուստի խօսք եւ ողջունեց Առաջնորդ Սրբազանն ու իրեն ընկերակցող շքախումբը եւ վեր առաւ եկեղեցւոյ ընտանիքին ու շրջանի հայութեան ապրած խանդավառութիւնը՝ Առաջնորդ Սրբազան Հօր կողմէ համայնքին ցուցաբերուած ուշադրութեան եւ դէպի Լաս Վեկաս կատարուած առաջնորդական բարերար այցելութիւններուն համար:
Իր կարգին, Թորգոմ Սրբազան ողջունեց Լաս Վեկասի ծխական համայնքը, գնահատեց մատաղի նուիրատու՝ Աղճայեան ընտանիքը, մտերմօրէն զրուցեց ներկաներուն հետ եւ իր օրհնութիւնները բաշխեց ներկայ թէ բացակայ բոլոր Կարապետներուն, Յովհաննէսներուն եւ անոնց ընտանեկան պարագաներուն:
Հուսկ, գնահատելով նաեւ ծխական համայնքի գործունէութիւնը՝ Առաջնորդ Սրբազանը անսպառ կորով եւ յաջողութիւն մաղթեց իւրաքանչիւր հայ անհատի, ընտանիքի եւ համայնքի հոգեւոր, կրթական ու ազգային կեանքի բոլոր նուիրեալներուն: