Թեհրանի վառելիքի պահեստներուն դէմ Իսրայէլի հասցուցած հարուածները շրջակայ միջավայրի կանխամտածուած եւ զանգուածային ոչնչացում դրսեւորում են՝ բնակիչներու առողջութեան համար երկարատեւ վտանգներու պատճառով, X-ի իր էջին վրայ գրած է Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաքչին։
«Իսրայէլի կողմէ Թեհրանի վառելիքի պահեստներու ռմբակոծումը կը խախտէ միջազգային իրաւունքը եւ շրջակայ միջավայրի բնաջնջման դրսեւորում է»,– գրած է Արաքչին։
«Բնակիչները կը բախին իրենց առողջութեան եւ բարեկեցութեան համար երկարատեւ հետեւանքներու։ Հողի եւ ստորգետնեայ ջուրերու աղտոտումը կրնայ անդրադառնալ քանի մը սերունդներու վրայ։ Իսրայէլը պէտք է պատժուի իր պատերազմական յանցագործութիւններուն համար»,– նշուած է հրապարակման մէջ։