«Թալեպան»ը Աֆղանիստանի մէջ իշխանութեան գալէ յետոյ առաջին անգամ յայտարարած է ղեկավար պաշտօններու մէջ կիներ նշանակելու մասին: Այս մասին յայտնած է աֆղանական ժամանակաւոր կառավարութեան մշակոյթի եւ տեղեկատուութեան հարցերով փոխնախարար Զապիհուլլա Մուճահիտը:
Բժիշկ Մալալայ Ռահիմը նշանակուած է Քապուլի մէջ գտնուող յատուկ մասնագիտացուած «Մալալա» ծննդատան տնօրէնի պաշտօնին: Բժիշկ Արիանը նշանակուած է մայրաքաղաքի Շահրարա թաղամասին մէջ գտնուող կանանց բժշկութեան դարմանատան տնօրէն: Այս դարմանատունրերը առանցքային նշանակութիւն ունին երկրին մէջ մայրական մահացութեան դէմ պայքարին մէջ:
Վերոնշեալ նշանակումներուն նախորդած են բազմաթիւ հանդիպումներ շարք մը երկիրներու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ, որոնց ընթացքին բարձրացուած է երկրի հասարակական-քաղաքական կեանքին մէջ կանանց մասնակցութեան հարցը: