image
Հրատապ լուրեր:

«Թալեպ»ներու «տարտ»ը դրամն է

«Թալեպ»ներու «տարտ»ը  դրամն է

Քանի որ Աֆղանիստանի կառավարութիւնն ու տնտեսութիւնը ունին կանխիկ փողի պակաս, Թալիպանը կը պնդէ չեղարկել 8 միլիառ տոլարի չափով աֆղանական հաշիւներու սառեցումը աֆղանական արտարժութային պահուստներուն մէջ:

Աֆղանիստանը կը բախի մարդասիրական ճգնաժամի հետ, եւ նուիրատու երկիրներն ու միջազգային կազմակերպութիւնները դադրած են օգնութիւն ցուցաբերելէ, որ կը կազմէ նախկին կառավարութեան պիւտճէին շուրջ 75 տոկոսը:

ԱՄՆ-ն, ԵՄ-ն ու միւս երկիրները կը տրամադրեն մարդասիրական օգնութիւն երրորդ անձանց միջոցով, սակայն փորձագէտները մտահոգուած են, որ տնտեսութիւնը մասամբ կը կրճատուի կանխիկ միջոցներու խիստ պակասի պատճառով:

«Այժմ, քանի դեռ հաշիւները սառեցուած են, իսկ օգնութիւնը զարգացման նպատակով կասեցուած է, տնտեսութիւնը կը քայքայուի», ըսած է ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղար Անթոնիօ Կութերիշ: Շուրջ 9 միլիոն տոլար աֆղանական հաշիւներէն 7-8 միլիոն տոլարը կը գտնուի ԱՄՆ-ի մէջ:

Այդ պահուստները առաջնահերթ հարցն են թալիպներու օրակարգին մէջ օտարերկրեայ զրուցակիցներու հետ բանակցութիւններու ժամանակ: Թալիպանի ներկայացուցիչները խնդրած են ԱՄՆ-էն չեղարկել այդ միջոցներու սառեցումը: Պայտընի վարչախումբը կարծես մտադիր է որոշ ժամանակ կախեալ վիճակի մէջ պահել աֆղանական հաշիւները:

Պետական քարտուղարութեան ներկայացուցիչ Նետ Փրայս յայտնած է, որ պահուստները կ'առնչուին «մտրակի եւ քաղցրահացի քաղաքականութեան» տրամաբանութեան, որոնք ԱՄՆ-ին անհրաժեշտ են Թալիպանին վրայ ազդեցութիւն գործելու համար, եւ այդ հարցերուն շուրջ որոշումները պէտք է հիմնուին Թալիպանի «վարքագիծին» վրայ:

Վարչակազմի բարձրաստիճան պաշտօնեան ըսած է, որ միջոցները չեն կրնար ազատագրուիլ «գրիչի մէկ հարուածով» այն պատճառով, որ ԱՄՆ-ն չէ ճանչցած Թալիպանի կառավարութիւնը:

«Պահուստներու ազատագրումը երաշխիք չէ, որ Թալիպանը իսկապէս պիտի օգտագործէ զանոնք խնդիրները լուծելու համար», յաւելած է պաշտօնեան: