Անգարայի մէջ տեղի ունեցած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի եւ Աֆղանիստանի մէջ Թալեպանի ձեւաւորած ժամանակաւոր կառավարութեան արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Էմիրհան Մութթաքիի գլխաւորած պատուիրակութիւններու հանդիպումը:
Հանդիպումէն յետոյ Չաւուշօղլուն լրագրողներուն ներկայացուցած է քննարկուած հարցերը՝ նշելով, որ Թալեպանի կառավարութեան շարք մը խորհուրդներ տուած են:
Այդ խորհուրդները թուարկած ատեն Չաւուշղօլուն նշած է Աֆղանիստանի միասնութեան համար ներառական քաղաքականութեան անհրաժեշտութիւնը: Այս շրջածիրէն ներս ան մասնաւորապէս ընդգծած է երկրի միւս ցեղային խումբերը եւս կառավարման գործին մէջ ներառելու կարեւորութիւնը: Թուրքիոյ արտաքին գերատեսչութեան ղեկավարը հանդիպման ընթացքին խորհուրդ տուած է թոյլ տալ կանանց աշխատիլ եւ երեխաներուն կրթութիւն ստանալ:
Չաւուշօղլուն խօսած է նաեւ Քապուլի օդակայանի գործարկման եւ կանոնաւոր թռիչքներ սկսելու մասին: Ան նշած է, որ այս շրջածիրէն ներս Թուրքիան ակնկալիքներ ունի օդակայանի անվտանգութեան ապահովման հարցով: