image
Հրատապ լուրեր:

Աֆղան նախկին նախագահ Քարզայ «Թալեպ»ներու գործակի՞ց

Աֆղան նախկին նախագահ Քարզայ «Թալեպ»ներու գործակի՞ց

Աֆղանիստանի մէջ ազգային հաշտեցման գերագոյն խորհուրդի ղեկավար Ապտուլլահ Ապտուլլահը, Աֆղանիստանի նախկին նախագահ Համիտ Քարզայը եւ Իսլամական կուսակցութեան առաջնորդ Կիւլպետտին Հեքմաթեարը պիտի միանան Աֆղանիստանը կառավարող խորհուրդին, որ մտադիր է ձեւաւորել արմատական «Թալեպան» շարժման ղեկավարութիւնը, կը յայտնէ Ariana News-ը:

Անոր տուեալներով՝ «Ապտուլլահ Ապտուլլահը, Քարզայը եւ Հեքմաթեարը [Աֆղանիստանի կառավարման] խորհուրդի անդամներ պիտի ըլլան»:

Նշուած քաղաքական երեք գործիչները թալեպներու զինուած կազմաւորումներու յարձակումէն անմիջապէս ետք իշխանութիւնը խաղաղ ճանապարհով «Թալեպան»-ին փոխանցելու համակարգող խորհուրդ ստեղծած էին: Անոնք շարք մը հանդիպումներ ունեցած են շարժման ներկայացուցիչներու հետ` նպատակ ունենալով ձեւաւորել նոր իշխանութիւն, այդ շարքին` աֆղանական հասարակութեան լայն ներկայացուցչութեամբ կառավարութիւն:

Foreign Policy ամսագիրը երկուշաբթի օր, յղում ընելով «Թալեպան»-ի առաջնորդներուն մօտ կանգնած աղբիւրներուն, յայտնած է, որ շարժումը մտադիր է Աֆղանիստանը կառավարելու խորհուրդ ձեւաւորել, որու կազմին մէջ պիտի ըլլայ 12 մարդ, այդ շարքին՝ երկրի նախկին կառավարութեան որոշ անդամներ: Խորհուրդի երեք ամենաազդեցիկ անձինք պէտք է ըլլան «Թալեպան»-ի քաղաքական թեւի առաջնորդ Ապտուլ Հանի Պարատարը, Թալեպանի ռազմական յանձնաժողովի ղեկավար Մուլաուի Եագուպը, որ շարժման հիմնադիր Մոլլա Օմարի որդին է, եւ դաշտային հրամանատար, «Հաքանիի ցանց» խումբի ղեկավար Սիրաճուտտին Հաքանին։ Ինչպես նշած է թերթը, թալեպները չեն ուզեր Աֆղանիստանի մէջ վերականգնել նախագահի կամ որեւէ այլ առաջնորդի միանձնեայ պաշտօնը: