image

Տեղի ունեցաւ ՀԱՊԿ ԱԳ նախարարներու խորհուրդի նիստը

Տեղի ունեցաւ ՀԱՊԿ ԱԳ նախարարներու խորհուրդի նիստը

Երեւանի մէջ տեղի ունեցած է Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստը:

Նշենք, որ տեղի ունեցաւ ՀԱՊԿ անդամ-պետութիւններու ԱԳ նախարարներու նեղ կազմով, ապա եւ ընդլայնուած կազմով խորհուրդի նիստերը, որուն յաջորդեց ՀՀ ԱԳ նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ ՀԱՊԿ Գլխաւոր քարտուղար Սթանիսլաւ Զասի մամուլի համար յայտարարութիւնը:

Նիստի օրակարգին մէջ կային միջազգային եւ տարածաշրջանային անվտանգութեան, ՀԱՊԿ ճգնաժամային արագ արձագանգման մեխանիզմներու ամրապնդման վերաբերող հարցեր: 

Նիստի արդիւնքներով նախատեսուած էր ստորագրել Արտաքին քաղաքականութեան, պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան հարցերով ՀԱՊԿ անդամ-պետութիւններու ներկայացուցիչներու 2022-2024 թուականներու խորհրդատուութիւններու ծրագիրը: