Արցախեան նիւթին անդրադարձող բեմադիր Ճիւան Աւետիսեանի «Դրախտի դարպասը»՝ Թորոնթոյի միջազգային փառատօնին արժանացած է «Լաւագոյն ֆիլմ» մրցանակին:
Լուրը հաղորդած է Աւետիսեան եւ Դիմատետրի իր էջով շնորհակալութիւն յայտնած է փառատօնի պատասխանատուներուն՝ իր խումբին աշխատանքը բարձր գնահատելուն համար:
Նշենք, թէ սոյն ժապաւէնին անդրանիկ ցուցդրութիւնը տեղի ունեցած էր 2019-ին, Երեւանի մէջ:
Աւետիսեան մասնաւորապէս գրած է ՝
«Շնորհակալ եմ շատ Տէր Միւռոն Քահանայ Սարգիսեան Գանատայում «Դրախտի դարպասը» ֆիլմի ցուցադրութիւնները կազմակերպելու համար։
Շնորհակալ եմ շատ Գանատայում Հայաստանի դեսպան Անահիտ Յարութիւնեանին իր աջակցութեան համար։
Շնորհակալ եմ նաեւ «Նուռ» փառատօնի անձնակազմին «Դրախտի դարպասը» ֆիլմը իր պաշտօնական ծրագրում ընդգրկելու համար։
Շնորհակալութիւն անչափ Շանթ Ղազարեանին եւ Ժորժ Շահնազարեանին իրենց օգնելու պատրաստակամութեան, ընկերութեան համար։
Շնորհակալ եմ նաեւ Օթթաուայի, Թորոնթոյի, Օքվիլի հայ համայնքներից, ցուցադրութիւնները հնարաւոր դարձնելու եւ իրենց մասնակցութեան համար։
Շնորհակալութիւն բոլոր-բոլորին, ձեր հոգատարութեան համար եւ, որ միասին լաւագոյնս իրականացրեցինք «Դրախտի դարպասը» ֆիլմի ցուցադրութիւնների շարքը Գանատայում»։