Արդէն 5-րդ օրն է, որ Սուրիոյ Հասիչէ քաղաքին մէջ ռազմական գործողութիւններ տեղի կ՚ունեան։
Իրավիճակը լարուածութիւն ապրած էր այն պատճառով, որ «Տահէշ»ի զինեալները փորձած էին ապստամբութիւն մը իրականցնել քաղաքի «Սինահա» անունով յայտնի մեծագոյն բանտին մէջ, որ կը համարուի «Իսլամական Պետութեան» զինեալներու մեծագոյն բանտը աշխարհին մէջ։
Նշենք նաեւ, որ Հասիչէ կը գտնուի Քրտական «Քասատ» զօրամիաւորման տիրապետութեան տակ։
Զարգացումներուն մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ ստանալու նպատակով «Արեւելք» դիմեց Հասիչէի ազգային գործիչներէն՝ Տիար Արմէն Նալպանտեանին։Նալպանտեան մասնաւորապէս ըսաւ, թէ «Զինեալները երբ գրաւեցին բանտը, խումբ մը բանտարկեալները փախան ու ապաստան գտան մօտակայ բնակարաններուն մէջ, եւ սկսան խռովութիւններ կատարել։Հետեւաբար քրտական ուժերը՝ «Քասատ» պաշարեցին «Սինահա» բանտը (նախկին Արհեստներու երկրորդական դպրոց,-խմբ)»:
Նալպանտեան նշեց, որ Հասիչէ քաղաքին մէջ վտանգ կամ սպառնալիք չկայ, բայց արգիլուած է տուներէն դուրս ելլել, ինքնաշարժներու երթեւեկութիւն չկայ: «Արդէն մարդիկ իրենց վախէն տունէն դուրս չեն ելլեր»:
Իսկ անդրադառնալով հայութեան վիճակին, Նալպանտեան նշեց, թէ բարեբախտաբար հայ համայնքի բնակարաններուն շրջանը հեռու է բանտի շուրջի տեղի ունեցած հրաձգութիւններէն: «Ես անձամբ կապի մէջ եմ բոլորին հետ, եւ կը հարցնեմ եթէ որեւէ բանի կարիքը ունին, կամ ինչ որ նեղութիւն կը կրեն: Մինչեւ հիմա փառք Աստծոյ օժանդակութեան կարիքը չունին, գրեթէ ամէն ինչով ապահովուած են, բայց անշուշտ վախի մէջ են»: Ան աւելցուց , որ ներկայիս Հասիչէի մէջ մօտաւորապէս 90 հայ ընտանիք մնացած է:
Նալպանտեանի խօսքով վիճակը վատ կը համարուի այն առումով, որ անկայուն է, որովհետեւ անորոշ է, թէ ինչ կրնայ պատահիլ, յատկապէս որ ամերիկեան օդուժի օդանաւերը անընդհատ, 24 ժամ կը դառնան օդին մէջ: «Այս գործողութիւններու յետագայ իրադարձութիւնները անյայտ են, որեւէ մէկը չի գիտեր թէ ինչ պիտի ըլլայ: Նոյնիսկ չենք գիտեր արդեօք քրտական կամ ամերիկեան ուժերը կրցան ձերբակալել խոյս տուած բանտարկեալները: Կարգ մը աղբիւրներ կ'ըսեն որ մեծամասնութեամբ ձերբակալուած են: Բայց ինչ որ վստահ է, որ «Սինահա» բանտէն մաս մը տակաւին «Տահէշ»ի հսկողութեան տակն է»,- եզրափակեց Նալպանտեան: