image

Ճեմարանականներ յարգած են իրենց Նժդեհ Մերտխանեանի յիշատակը

Ճեմարանականներ յարգած են իրենց Նժդեհ Մերտխանեանի յիշատակը

Իւրայատուկ քայլով մը Պէյրութի Համազգայինի Ճեմարանի աշակերտները յարգանքի տուրք մատուցած են շաբաթներ առաջ անհանգստութեան հետեւանքով մահացած իրենց դասընկեր՝ Նժդեհ Մերտխանեանի յիշատակը։

Այս մասին«Արեւելք»կը կարդայ Ճեմարանի  ուսանողական կայքէջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է ՝

Շաբաթ, 8 Ապրիլ 2023-ին, Հ.Մ.Ը.Մ ԼԵՎԱՄի մինի ֆութպոլի 15+ տարիքային մրցաշարքի ընթացքին, Ճեմարան – Հարպոյեան վարժարաններու խաղէն առաջ, աշակերտները յոտնկայս յարգանք մատուցեցին իրենց ընկերոջ՝ Նժդեհ Մերտխանեանի յիշատակին, իր ծնողքին եւ ուսուցչական կազմին ներկայութեամբ։

6-1 արդիւնքով Ճեմարանի խումբը յաղթեց եւ հասաւ կիսաւարտական հանգրուան:

Խաղի աւարտին, լաւագոյն մարզիկ հանդիսացաւ Ճեմարանական Կարօ Քէօշկէրեան: