Տաւուշի նախկին մարզպետ Յովիկ Աբովեանը պետութեան պիտի փոխանցէ 608 միլիոն դրամ, յայտնած է Դատական իշխանութիւնը։
«Հակակոռուպցիոն դատարանի վճռով հաստատուել է հաշտութեան համաձայնութիւն, որով Տաւուշի մարզի նախկին մարզպետ Յովիկ Աբովեանը Հայաստանին է փոխանցելու աւելի քան 608 մլն 634 հազար դրամ գումար, որը կազմում է ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի աւելի քան 75 տոկոսը»,-ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։
2023-ի յունուարին Դատախազութիւնը ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման շրջածիրէն ներս պահանջ ներկայացուցած էր «Հակակոռուպցիոն» դատարան՝ Տաւուշի մարզի նախկին մարզպետի եւ անոր հետ փոխկապակցուած անձանց վերաբերեալ։
Մասնաւորապէս, դատախազութիւնը պահանջած էր բռնագանձել 11 անշարժ գոյք, որոնցմէ հինգը՝ Երեւան քաղաքի մէջ, վեցը՝ Տաւուշի մարզի, իսկ անհնարինութեան պարագային՝ ատոնց միջին շուկայական արժէքները՝ 1,2 միլիառ դրամ։ Բռնագանձման ենթակայ է նաեւ Աբովեանի եւ անոր հետ փոխկապակցուած անձանց պատկանող երեք շարժական գոյքերը, ինչպէս նաեւ երկու իրաւաբանական անձանցի մէջ մասնակցութեան իրաւունքները։