Այս տարի Տաւոսի մէջ Համաշխարհային տնտեսական ֆորումին Ռուսիայէն ոեւէ միլիառատէր պիտի չըլլայ, հաղորդած է Bloomberg-ը։
«Մինչեւ վերջերս ռուսաստանցի միլիառատէրերը Տաւոսի կարեւոր բաղադրիչն էին։ Այս տարի անոնց թիւը զէրօ է»,- գրած է գործակալութիւնը՝ յիշեցնելով, որ 2020 թուականին Ռուսիոյ պատուիրակութիւնը Տաւոսի մէջ միլիառատէրերու թուով եղած է երրորդը մասնակից բոլոր երկիրներու շարքին։
Բացի ռուսաստանցիներէն, այս տարուան ֆորումը բաց պիտի ձգեն նաեւ միլիառատէրերը Չինաստանէն, որու տնտեսութիւնը դեռ չէ վերականգնուած «Քորոնա» ժահրի շարունակուող բռնկումներէն եւ արժեթուղթերու շուկայի անկումէն ետք, նշած է Bloomberg-ը։
Ֆորումը պիտի մեկնարկի երկուշաբթի եւ պիտի տեւէ մինչեւ 20 յունուարը։ Ընդհանուր առմամբ մասնակցելու համար գրանցուած է 116 միլիառատէր, որ 40%-ով աւելի է, քան 10 տարի առաջ։
Ռուսերու եւ չինացիներու բացակայութեան զուգահեռ աւելցած է գրանցուած միլիառատէրերու թիւը Պարսից ծոցի երկիրներէն։ Հնդկաստանէն ֆորումին պիտի մասնակցի 13 միլիառատէր, այդ շարքին՝ Կաութամ Ատանին, որ երրորդ տեղը կը գրաւէ աշխարհի ամենահարուստ մարդոց Forbes Real-Time վարկանիշին մէջ։ Ատանիի կարողութիւնը կը գնահատուի 128,3 միլիառ տոլար։
Ամերիկացի գործարարները, ինչպէս միշտ, կը կազմեն ամենամեծ խումբը՝ ֆորումին պիտի մասնակցի 33 միլիառատէր։
Եւրոպացի միլիառատէրերէն Տաւոս պիտի այցելէ միայն 18 հոգի։ Տնտեսական անկում ապրող Մեծ Բրիտանիայէն պիտի գայ միայն հնդիկ գործարար, Arcelor Mittal ընկերութեան ղեկավար Լաքշմի Միթալը: