image

Տասնեակ հազարաւոր մարդիկ Թիֆլիսի մէջ մասնակցած են եւրոպամէտ հանրահաւաքին

Տասնեակ հազարաւոր մարդիկ Թիֆլիսի մէջ մասնակցած են եւրոպամէտ հանրահաւաքին

Հոկտեմբեր 26-ին երկրին մէջ կայանալիք խորհրդարանի ընտրութեան ընդառաջ`տասնեակ հազարաւոր մարդիկ կիրակի Թիֆլիսի մէջ մասնակցած են եւրոպամէտ հանրահաւաքին։ Այս մասին յայտնած է AFP-ն։

Թիֆլիսի կեդրոնական`Ազատութեան հրապարակին մէջ, ցուցարարները ծածանած են Եւրոմիութեան եւ Վրաստանի դրօշները, ոմանք՝ «Վրաստանը կ՚ընտրէ Եւրոմիութիւնը» գրութեամբ պաստառներ։

Ցոյցը նախաձեռնած են վրացական քանի մը հասարակական կազմակերպութիւններ, այդ շարքին՝ «Վրաստանի եւրոպական ուղեծիրը» եւ «Իմ ձայնը ԵՄ-ին» դաշինքը:

Կ՚ակնկալուի, որ ընտրութիւններուն հիմնական պայքարը պիտի ծաւալուի իշխող «Վրացական երազանք» կուսակցութեան եւ քանի մը ընդդիմադիր կուսակցութիւններու ու դաշինքներու միջեւ, որոնք Եւրոմիութեան հետ մերձեցման կողմնակիցներն են։

Ընկերաբանական հարցումներու համաձայն՝ «Վրացական երազանք»ը կրնայ ստանալ ձայներու աւելի քան 30 տոկոսը, մինչդեռ ընդդիմադիր ուժերու օգտին պատրաստ է քուէարկելու ընտրողներու մօտ 50-55 տոկոսը։