Ձեռամբ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի Թեմակալ Առաջնորդ ՝ Տ. Մեսրոպ արք. Սարգիսեանին Տոհայի մէջ մատուցուած է Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Թեմի դիմատետրի էջէն, որ նաեւ կը նշէ, թէ Տոհայի մէջ երկար ժամանակէ ի վեր Սուրբ Պատարագ չէր մատուցուէր բոլորիս հասկնալի պատճառներով։
Ստորեւ ներկայացուցած հաղորդագրութիւնը՝
Ուրբաթ, 28 Յունուար 2022-ին, Գերշ․ Տէր Մեսրոպ Եպս․ Սարգիսեան, համաճարակի սահմանափակումներով պայմանաւորուած, երկար բացակայութենէ ետք, առաջին անգամ Ս. եւ Անմահ պատարագ մատուցեց Տոհայի Ղպտի ուղղափառ եկեղեցիէն ներս։
Իր օրուան պատգամին մէջ սրբազանը նախ խօսեցաւ Քրիստոսի Ծնունդին մասին, մատնանշելով փրկարար խորհուրդն ու պատգամը, ապա՝ լայնօրէն անդրադարձաւ քրիստոնէական արժէքներուն, որոնք այսօրուայ ընկերութեան կեանքէն ներս սկսած են նահանջել։
Քարոզի աւարտին սրբազան հայրը իր գնահատանքը յայտնեց նախորդ շրջանին գործող ազգ․ վարչութեան տարած աշխատանքին, ինչպէս նաեւ ներկայիս գործող ազգ․ գործադիր մարմնին ու անոնց տարած յաջող աշխատանքին։
Ս. եւ Անմահ պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ ջրօրհնէք։
Պատարագին ներկայ էր նաեւ, ՀՀ արտակարգ եւ լիզազօր դեսպան Պրն․ Արմէն Սարգիսեանը։
Դիւան Ազգային Առաջնորդարանի