Ոչ եւս է Միացեալ Նահանգներու մէջ երկար տարիներ հոգեւոր ծառայութիւն մատուցած արժանաւոր կրօնական գործիչներէն՝ Տ. Հրանդ Քհնյ. Սրապեանը։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի դիմատետրի էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է՝
Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ` Գերշ. Տ· Թորգոմ Ս· Եպս· Տօնոյեան, Հոգեւորականաց դասը, Կրօնական Ժողովն ու Ազգային վարչութիւնը խոր ցաւով կը գուժեն Թեմիս հանգստեան կոչուած հոգեւորականներէն` Արժ· Տ· Հրանդ Քհնյ· Սրապեանի վախճանումը, որ պատահեցաւ Կիրակի, 23 Յունուար 2022-ին, Ֆրեզնոյի մէջ։
Վախճանեալ Քահանայ հօր վաստակը կ՛երկարի աւելի քան չորս տասնամեակներու վրայ։ Ծնած է Գահիրէ, 1939-ին։ Յաճախած է տեղւոյն Գալուստեան Ազգ· Նախակրթարանը։ Մանուկ հասակէն ծառայած է իբրեւ դպիր տեղւոյն Ս· Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, ապա մեկնած է Երուսաղէմ, աստուածաբանական ուսման հետեւելու նպատակով։
1962-ին, մուտք գործած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանք եւ հետեւած է քահանայից պատրաստութեան դասընթացքին, Գարեգին Վրդ· Սարգիսեանի (հետագային՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, ապա Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս) շունչին ներքոյ։ 1964-ին, հաստատուած է Միացեալ Նահանգներ, ուր դեղագործական թեքնիք բաժնի իր աշխատանքին կողքին, իբրեւ դպիր ծառայած է Հոլիվուտի Ս· Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ մէջ։
1980-ին ձեռնադրուած է քահանայ եւ ստացած օծում, ձեռամբ Արեւմտեան Թեմի օրուան առաջնորդ՝ Գերշ· Տ· Եփրեմ Եպս· Թապագեանի, որ զայն վերակոչած է Տէր Հրանդ, ի յիշատակ Թեմի առաջին Առաջնորդ՝ Հրանդ Արք· Խաչատուրեանի։
Նորոգ վախճանեալ Տէր հայրը գլխաւորաբար 13 տարի ծառայած է իբրեւ հոգեւոր հովիւ, Ֆրեզնոյի Ս· Երրորդութիւն Հայց· Առաք· եկեղեցւոյ մէջ։ Գործած է նուիրումով եւ նպաստած գաղութի եկեղեցական ու ազգային աշխատանքներուն՝ շարունակելով Հայ Եկեղեցւոյ իր ծառայութիւնը նաեւ հանգստեան կոչուելէն ետք։
Յայտնենք, որ Տ· Հրանդ Քահանայի վերջին օծման ու թաղման կարգը պիտի կատարուի Ֆրեզնոյի մէջ, Երկուշաբթի, 31 Յունուար 2022-ի առաւօտուն։
Այս տխուր առիթով Առաջնորդ Սրբազանը, Հոգեւորականաց դասը, Կրօնական ժողովն ու Ազգային վարչութիւնը կը ցաւակցին վախճանեալ Տէր Հօր այրիին, զաւակներուն, հարազատներուն, ինչպէս նաեւ Ս· Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին։
Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի։