image

Բնիկ Մուսալեռցի Տէր Արսէն Աւագ Քահանայ Քէշիշեանի շիջումը

Բնիկ Մուսալեռցի Տէր Արսէն Աւագ Քահանայ Քէշիշեանի շիջումը


 Այնճարի իր հարազատ  հողին  այսօր  կը վերադառնայ  Լիբանանի  Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ քահանաներու դասու երիցագոյն անդամներէն, բնիկ  Մուսալեռցի   Արժ. Տ. Արսէն աւ. քհնյ. Քէշիշեանը։  Արժանապատիւ Տէր Հայրը, որ վերջին տարիներուն կոչուած է հանգստեան   համակ կեանք մը նուիրած է  մեր եկեղեցիին  ու մեր ժողովուրդին, դառնալով լիբանանահայ համայնքի սիրելի    կրօնական  գործիչներէն մին։  

 Ազգային  ոգիի դրօշը իր ձեռքին  Տէր հայրը չէ մոռցած    բարձր որակի դաստիարակութիւն ջամբել իր   զաւակներուն՝ Զաքարին, Վիգէնին  եւ Եսթերին   ու մղած զիրենք    միշտ  ալ ըլլալու  ազգային պարտականութեան խրամատներուն մէջ։ 

 Համակ կեանք մը լեցուն նուիրումով  եւ քրիստոնաէական  սիրով,  օր  օրեր  առաջ դադրեցաւ բարի յիշաակ մը թողնելով  զինք  ճանչած, իր հետ գործած, իրմով Քրիստոսն ու եկեղեցին ճանչցած    բարեկամներն ու  հաւատացեալները։

 

 Մեր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնենք Տէր  Հօր  ընտանեկան   պարագաներուն եւ այս առթիւ ալ կը ներկայացնենք  Տէր Հօր  կենսագրութեան  ամփոփ տողերը։

  «Արեւելք»

 

Ամփոփ կենսագրական Արժ․ Տէր Արսէն Աւագ Քահանայ Քէշիշեանի

Աւազանի անունով Յակոբ, ծնած է Մուսալեռ, 1929-ին։

Տարագրուած է Լիբանան, Այնճար, ուր նախակրթութիւնը ստանալէ ետք մեկնած է Երուսաղէմ, ուր ուսանած է տեղւոյն ժառանգաւորաց վարժարանին մէջ։ 

Սարկաւագ ձեռնադրուելէ եւ վկայուելէ ետք վերադարցած է Լիբանան, Այնճար, ուր ամուսնացած է եւ ունեցաց երէք զաւակներ։

Վարած է 25-ամեայ ուսուցչական, եւ քանի մը տարի տնօրէնի առաքելութիւն, դասաւանդելով Այնճարի, Պէյրութի, Պասրայի ու Պաղտատի մէջ։

1977-ին ձեռնադրուած է քահանայ, ձեռամբ Ղեւոնդ Արքեպիսկոպոսի եւ ամբողջ 25 տարիներ ծառայելէ ետք Պուրճ Համուտի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, հանգստեան կոչուելով, բնակութիւն հաստատած է Այնճարի ուր մասնակցած է Սուրբ Պօղոս եկեղեցւոյ եկեղեցական կեանքին։

Իբրեւ քահանայ երար տարիներ եղած է Լիբանանի թեմի առաջնորդական փոխանորդ, Ազգային Գաւառական ժողովի երեսփոխան եւ Լիբանանի թեմի կրօնակն ժողովի ատենապետ։

Ուսուցչութեան ասպարեզին առընթեռ եղած է Համազգայնական, թաղական խորհուրդի անդամ, Կարմիր Լեռ կոմիտէի անդամ։ Լիբանանի եւ Իրաքի մէջ հիմնադրած եւ ղեկավարած է դպրոցական թէ միութենական երգչախումբեր։ Վարած է նաեւ դպրապետի պաշտօն։