Ռուսիա- («Էլ Նաշրա»- Պէյրութ) Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ Մոսկուա այցելած է: Այս մասին տեղեկութիւնը հրապարակած է Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տիմիթրի Բեսքով: Բեսքով նաեւ ըսած է, որ Ասատ ընդունուած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատմիր Փութինին կողմէ եւ անոնք քննարկած են Սուրիոյ ընդհանուր իրավիճակն ու գետնի վրայ ընթացող զինուորական ընդհանուր գործողութիւններու ընթացքը: Ասատ աւելի ուշ վերադարձած է Դամասկոս: