image

«Սուրբ յարութեան տօնը սիրոյ ամրապնդման երկնային հրաւէր» Հազարաւորներ հետեւեցան Գերշ. Տ. Թորգոմ եպս.քարոզին (Լուսանկարներ)

 «Սուրբ յարութեան տօնը սիրոյ ամրապնդման երկնային հրաւէր» Հազարաւորներ հետեւեցան Գերշ. Տ. Թորգոմ եպս.քարոզին (Լուսանկարներ)

Ինչպէս համայն աշխարհի մէջ, նոյնպէս ալ Միացեալ Նահանգներու Լոս Անճըլըս նահանգի Կլենտէյլի մէջ հանդիսաւորապէս նշուած է Սուրբ Զատկուան տօնը։ 

 Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Սրբազան հօր հանդիսաւորապէս Սուրբ Պատարագ մատուցած է եւ տուած է օրուայ պատգամը։

Այս մասին «Արեւելք» կը կարդայ Արեւմտեան Թեմի դիմատետրեան էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է ՝

 

Կիրակի, 9 Ապրիլ 2023-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի բոլոր եկեղեցիներէն ներս Յիսուս Քրիստոսի Ս. Յարութեան տօնը նշուեցաւ ընդգծուած քաղցրութեամբ եւ արտասովոր ցնծութեամբ, իսկ եկեղեցիներուն գմբեթները բազմահազար հաւատացելոց համար հանդիսացան հաւատքի ամրապնդման ու եղբայրական սիրոյ տարածման երկնային հովանի:

Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ մատոյց Եպիսկոպոսական Ս. եւ անմահ հանդիսաւոր Պատարագ, իր կողքին ունենալով հոգեւորական հայրեր, սարկաւագներ ու դպիրներ, մինչ դասին մէջ հաւաքուած երգեցիկ խումբը Յարութեան տօնի արարողութեան ու շարականներու երգեցողութեան մասնակցեցաւ խորազգաց հնչեղութեամբ, Ս. Պատարագը վերածելով երկնքի ու երկրի գրկընդխառնումի հոգեւոր պահ, որուն ընթացքին հոգեգրաւ քարոզ հնչեցուց Առաջնորդ Սրբազանը՝ ըսելով. «Աշխարհի ամէնէն ուժեղ, շարժող, նորոգող եւ լուսաւորող տօնն է, որ կը պանծացնէ այսօր համայն տիեզերք, ցարդ մարդոց կեանքին մէջ յայտնուած, մարդոց իբրեւ պարգեւ երկինքէն տրուած ամէնէն մեծ խորհուրդներէն մէկը՝ մեր Տիրոջ եւ Փրկչին՝ Յիսուս Քրիստոսի ե՛ւ յաղթական, ե՛ւ պայծառակերպող Յարութեան տօնը», ապա շարունակելով խօսքը՝ աւելցուց. «Այս է պատճառը, որ երկինք ու երկիր, ոգեղէն արարածներ, հրեշտակներ եւ ստեղծեալ մարդեր՝ իրենց հոգիներուն է՛ն խորքը տարբեր պայծառութիւն եւ ուժ կ՛առնեն եւ ասոնք մարդուն պարգեւողը մարդ մը չէ՛, մա՛րդը չէ, աշխա՛րհը չէ, աշխարհայի՛նը չէ, այլ Աստուածամարդ Յիսուս Քրիստոսն է, որ մարդոց կեանքէն ներս եկաւ այնքա՜ն խոնարհ, բայց հրաշագործեց այնքա՛ն ամբողջական ու հզօր, որ մարդկային պատմութեան մէջ միշտ մնաց ամէնէն փնտռելին ու ամէնէն ցանկալին: Յիսուս Քրիստոսի նայող իւրաքանչիւր մարդ այսօր անպայմա՛ն կը ստանայ հոգեւոր ուժ, իմացական պայծառութիւն եւ ամբողջական առողջութիւն», հաստատեց Առաջնորդ Սրբազանը՝ դիտել տալով, որ Աստուածորդին աշխարհ եկաւ մէկ ծրագիրով՝ մարդը փրկել աշխարհի չարիքէն եւ անոր առջեւ յաւիտենական կեանքի ճամբան բանալ, Իր «Ես եմ Յարութիւն եւ Կեանք» կենդանի խօսքին լիակատար հասկացողութեամբ»: 

Սրտառուչ քարոզի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը եկեղեցին լեցուցած աւելի քան հազար ներկաները հրաւիրեց նայելու երկինք եւ կապոյտներէն օրհնութիւններ ստանալու, զորս «Աստուած կը մաղէ երկինքէն մեր վրայ, որպէսզի ատելութիւն, թշնամութիւն, զիրար մերժելն ու չընդունիլը դուրս գան մեր կեանքէն եւ Յիսուս Քրիստոսի ուժով Ի՛ր իսկ տաճարին մէջ մէկտեղուած՝ դառնանք միասնական ու մէ՛կ, ըլլանք ամբողջակա՜ն»: 

Շէնշող քարոզի վերջաւորութեան Թորգոմ Եպիսկոպոս կոչ ուղղեց ժողովուրդին՝ միացեալ հաւատքով ու սիրով յոտնկայս կրկնելու իր արտաբերած աղօթական բառերը, որոնք անհատական, ընտանեկան, հաւաքական, հայրենական եւ համայն հայութեան կեանքի լուսաւորման, հայրենիքի սահմանները պաշտպանող զինուորներու ապահով կեցութեան եւ Յիսուս Քրիստոսի զօրութեամբ տեսանելի ու անտես բոլոր տեսակի թշնամիներուն ու չարիքի՛ն յաղթելու քաջութեամբ լեցուցին հաւատացեալ ներկաները, որոնք մէկ մարդու պէս իրենց սրտերուն մէջ եւս կրկնեցին այն բառերը, զորս արտասանեցին իրենց շուրթերը: Հուսկ, խորան ու ատեան՝ հօտ եւ Հովիւ, մէկզմէկու աւետեցին Յարութեան տօնը եւ ցնծացին՝ գոչելով. «Քրիստոս Յարեաւ ի մեռելոց, Օրհնեալ է Յարութիւնն Քրիստոսի»: 

Յայտնենք, որ Ս. Յարութեան տօնին ներկայ եղան Ազգային վարչութեան անդամներ, Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ եւ Ազգային ժողովի անդամ Իշխան Սաղաթելեան, պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքը, միութիւններու, կազմակերպութեանց անդամներ, բարերարներ, բարեկամներ եւ խուռներամ բազմութիւն: