image

Ստեփանակերտի մէջ հնչած կրակոցներու առընթեր ձերբակալուած է Զօր. Կարապետեանը՝ Օգանովսքին

Ստեփանակերտի մէջ հնչած կրակոցներու առընթեր ձերբակալուած է  Զօր.  Կարապետեանը՝ Օգանովսքին

Մայիս 10-ին ժամը 19:00-ի սահմաններունՍտեփանակերտի «Վերածնունդ»ի հրապարակին մէջ հնչած են կրակոցներ, որուն հետեւանքով վնասուած էր Ստեփանակերտ քաղաքի բնակիչին պատկանող ինքնաշարժը, կը տեղեկացնէ Արցախի դատախազութիւնը:

«Դէպքի առթիւ յարուցուել է քրէական գործ Քրէական օրէնսգրքի 269-րդ յօդուածի 4-րդ մասով (խուլիգանութիւն, որը կատարուել է զէնքի կամ որպէս զէնք օգտագործուող առարկաների գործադրմամբ) եւ 245-րդ յօդուածի 1-ին մասով (ապօրինի կերպով հրազէն ձեռք բերելը, պահելը, փոխադրելը կամ կրելը) նախատեսուած յանցանքների յատկանիշներով», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Դատախազութենէն կը յայտնեն, որ ենթադրեալ յանցագործութեան կատարման կասկածանքով ձերբակալուած է Արցախի Հանրապետութեան քաղաքացի Ս.Կ.-ն:

Սիվիլնեթի տեղեկութիւններով ձերբակալուածը Արցախի պաշտպանութեան բանակի հրամանատարի նախկին տեղակալ, զօրավար Սամուել Կարապետեանն է (Օգանովսկի):