Սկսած է Թուրքիոյ Ս-400-ներու երկրորդ գունդի մատակարարման շուրջ պայմանագրի իրականացումը, գրած է «ՌԻԱ Նովոստի»ն։
2021 թուականի օգոստոսի վերջը Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Էրտողան յայտարարած է, որ Ռուսիայէն երկրորդ գունդի գնման հարցով կասկածներ չունի։
«Արդէն ստորագրուել է համապատասխան փաստաթուղթը։ Ներկայում ընթանում է պայմանագրի գործնական իրականացումը»,-ըսած է Ռուսիոյ Ռազմատեխնիկական համագործակցութեան դաշնային ծառայութեան ղեկավար Տմիթրի Շուկաեւ։
Անոր խօսքով՝ Թուրքիան կը շարունակէ մնալ Ռուսիոյ կարեւոր գործընկերը։