Սիւնիքի մէջ կուտակումներ չկան, իրադրութիւնը յարաբերական կայուն է։ Այս մասին մարտ 5-ին լրագրողներու հետ զրոյցին յայտարարած է Զինուած ուժերու Ընդհանուր սպայակոյտի պետ Էդուարդ Ասրեանը։
«ՀՀ զինուած ուժերը ուշի-ուշով հետեւում են հակառակորդի շարժերին, կուտակումներ չկան։ Օպերատիւ իրադրութիւնը գնահատւում է յարաբերական կայուն»,-ըսած է ան։
Ասրեանի խօսքով՝ Հայաստանի զինուած ուժերը զբաղցուցած բնագիծին մէջ կը կատարեն իրենց առջեւ դրուած խնդիրները․ «Եթէ կասկածում էք՝ այցելէք ու համոզուէք։ Շփման գիծը ներկայացնում է մի այնպիսի կառուցուածք, որ ե՛ւ հակառակորդի, ե՛ւ մեր կողմից կան դիրքեր։ Եթէ հակառակորդն ունի 20 դիրք, ապա այդքան էլ մենք ունենք, քանակը չբացայայտեմ»։
Մենք դեռ ՀԱՊԿ-էն դուրս չենք եկած, իսկ թէ ինչի կը յանգեցնէ դուրս գալը, գաղտնիք է
Ընդհանուր սպայակոյտի պետը նշած է, որ Ներքին Հանդի ուղղութեամբ իրականացուող քննութիւնը դեռ իր աւարտին չէ հասած։
Դիտարկման, որ տեղեկութիւններ կան, որ Ներքին Հանդի մէջ ռուս խաղաղապահները թոյլ չեն տուած եւրոպացի դիտորներուն այնտեղ երթալ ու իրենց գործառոյթներն իրականացնել, Զինուած ուժերու Ընդհանուր սպայակոյտի պետը արձագանգած է, որ հարցը քաղաքական ուղղուածութիւն ունի, իսկ Ընդհանուր սպայակոյտը իր համագործակցութեան շրջածիրէն ներս իր առջեւ դրուած պարտականութիւնները կը կատարէ։
Ինչ կը վերաբերի Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութենէն (ՀԱՊԿ) Հայաստանի հնարաւոր դուրս գալու հետեւանքներու հարցին, Ընդհանուր սպայակոյտի պետը նշած է․ «Հայաստանը ՀԱՊԿ-ից դեռեւս դուրս չի եկել։ Իսկ թէ ինչի կը յանգեցնի ՀԱՊԿ-ից դուրս գալը՝ այդ հարցը գաղտնիք է»,- նշած է ան։
Դիտարկման, որ ՀՀ զինուած ուժերուն մէջ ՀԱՊԿ-ի հետ համատեղ կառուցուածքներ կան, Ասրեանն արձագանգած է․ «Բանակում համատեղ կառուցուածքներ կան թղթի վրայ»։