Սիւնիքի մէջ Ծիծեռնաքար լերան հայկական երկու դիրքերու համար այսօր փոխհրաձգութիւն սկսած է ատրպէյճանական եւ հայկական կողմերու զինուած ուժերուն միջեւ։
Փոխհրաձգութիւնը սկսած է այն բանէն յետյ, երբ ատրպէյճանական կողմը պահանջած է հայկական զինուած ուժերէն լքել Հայաստանի տարածքին գտնուող Ծիծեռնաքարի երկու մարտական յենակէտերը, սակայն մեր զինուորները հրաժարած են այդ պահանջը կատարելէ:
Հրաձգութիւնը կը շարունակուի մինչեւ այս պահը: