Կարելի է անվարան ըսել թէ Սեզան կրթեց հայ կանանց սերունդ մը, որուն կոչումը միայն զաւակներ դաստիարակել, ամուսնոյն սպասարկել եւ խոհանոցին տիրակալը դառնալը չէր, այլ գործուն կերպով մասնակցիլ ազգային-հասարակական կեանքին, ինքնազարգացման եւ հոգեբանական ազատագրման։
Պէտք է յիշեմ որ երբ Սեզա առողջական եւ այլ պատճառներով պիտի դադրեցնէր «Երիտասարդ Հայուհի»ն, իր սկզբունքին հաւատարիմ մնալով, տրամաբանական գործարքով մը պարբերականի արտօնագիրը ծախեց «Երիտասարդ Հայ.» շաբաթաթերթի հիմնադիր՝ Յովսէփ Մելքոնեանին, որուն դերը մեծ եղաւ որպէս անկախ, անկուսակցական, հետախուզական լրագրութեան (investigative jurnalism) ասպարէզէն ներս հայ լրագրութեան պատմութեան մէջ։
Սեզայի «Նամականի»ն անսպառ աղբիւր մըն է 1930-1960-ական թուականներու կեանքը ուսումնասիրող ուսանողին, պատմաբանին եւ գրականագէտին համար։ «Նամականի»ն կ՚ընդգրկէ հայ մամուլի յայտնի դէմքերէն Անդրանիկ Ծառուկեանի («Նայիրի» ամսագիր) եւ բանաստեղծ, թարգմանիչ, խմբագիր եւ երկարամեայ կրթական մշակ Վահէ-Վահեանի նամակները (Սարգիս Ապտալեան), որոնց մէջ դժուար չէ կարդալ երիտասարդ հոգիներու ունեցած մարդկային, սիրային եւ գրականութեան հանդէպ զգացումներն ու մեկնաբանութիւնները։
Վերջերս երկար եւ տքնաջան աշխատանքներէ ետք լոյս տեսաւ Սփիւռքահայ կին գրողներու աստղերէն Սիրան Սեզայի «Նամականի»ի Ա. հատորը՝ բանասէր-պատմաբան Գէորգ Եազըճեանի աշխատասիրութեամբ։ Գիրքը արագ մը թերթատելէ ետք կրնամ անվարան զայն կոչել «տարուան հրատարակութիւնը»։
Սիրան Սեզա կը սերի պոլսահայ յայտնի ընտանիքներէն Զարիֆեաններէն, որոնք մեր ազգին տուած են նուիրեալ կուսակցական գործիչ, վաղամեռիկ եղբայրը՝ Վահագնը, բանաստեղծ, նոյնպէս վաղամեռիկ Մատթէոս Զարիֆեանը եւ գրող, հրապարակագիր, լրագրող եւ հայ կանանց իրաւունքներու պաշտպան Սիրան Սեզա։ Ան Միջին Արեւելքի ամէնէն փայլուն ու մտաւորական կիներէն մէկն է եղած, հաւանաբար գլխաւորը։ Մեծ է եղած իր ծառայութիւնը յատկապէս «Երիտասարդ Հայուհի» պարբերականի միջոցով (1932-1934, 1947-1968)։
Հարկ է նշել որ Սեզայի միակ որդին՝ Վահագն Քիւփելեանն ու հարսը՝ նկարիչ-քանդակագործ Անին ամենայն փութաջանութեամբ տասնամեակներով պահած ու նախնական դասաւորութեամբ խնամած էին, ապա Լիբանանէն փոխադրած էին իրենց հետ Լոս Անճելըս։ Այստեղ կրկին անգամ դասաւորման ենթարկուելով բանասէրներ Տէր եւ Տիկ. Մինաս եւ Նազիկ Գոճայեաններու կողմէ, 2021-2022 թուականներուն ամբողջ արխիւը, ներառեալ անտիպ գործերը յանձնուեցան Հայաստանի Գրականութեան եւ Արուեստի թանգարանին (ԳԱԹ), որու տնօրէնները՝ Կարօ Վարդանեանը, ապա Վահագն Սարգսեանը ամէն կերպ օժանդակեցին նիւթերու մշակման ու դասաւորման։ Այս մասին Վահագն եւ Անի Քիւփելեանները «Նամականի»ի մուտքին մէջ կը գրեն. «Մեր որդիական պարտքը կատարեցինք մեր մօր անտիպ գործերը յանձնելով «ԳԱԹ»ին, ապա հրատարակելով իր ամբողջական երկերը...»։
Սիրան Զարիֆեան (Սէ-Զա) կը հաւատար թէ առաքելութիւն մը ունէր հայրենամերձ գաղութներու մէջ, հետեւաբար՝ ԱՄՆ-ի հռչակուած Քոլոմպիա համալսարանը աւարտելէ ետք իր «փայլուն ասպարէզը» թողած երիտասարդ Սեզա վերադարձաւ Միջին Արեւելք եւ հաստատուեցաւ Լիբանան, ուր կ՚ապրէին քոյրերը եւ բուժուող բանաստեղծ եղբայրը՝ Մատթէոս Զարիֆեան։ Հրապարակագիր Սեզան գործուն կերպով նուիրուեցաւ ընդհանրապէս կանանց, բայց յատկապէս հայ իգական սեռի մտաւոր եւ հասարակական կեանքի դերի բարձրացման։ Այս առումով ան արժանի կերպով կը դասուի Սրբուհի Տիւսապ, Զապէլ Ասատուր, Արշակուհի Թէոդիկ, Զապէլ Եսայեան, Հայկանոյշ Մառք, Արփի Միսաքեան վեցեակի շարքին, դառնալով եօթներորդ աստղը այս համաստեղութեան։ Սեզայի մօտ յատկապէս կը շեշտուի մարտունակութիւն մը, որ սիրտ ու համարձակութիւն ներշնչեց նոր սերունդի իգական սեռին։ Մեր յիշողութեան մէջ տակաւին թարմ են այն պահերը, երբ մեր երկրորդական դպրոցներու բարձր կարգերու եւ համալսարաններու ուսանողուհիները իրարու կը փոխանցէին «Երիտասարդ Հայուհի» ամսագիրը, որուն խմբագրականներն ու իգական սեռի իրաւունքները պաշտպանող Սեզայի եւ այլոց հրապարակախօսական գրութիւնները կը դառնային քննարկման առարկայ։
Կարելի է անվարան ըսել թէ Սեզան կրթեց հայ կանանց սերունդ մը, որուն կոչումը միայն զաւակներ դաստիարակել, ամուսնոյն սպասարկել եւ խոհանոցին տիրակալը դառնալը չէր, այլ գործուն կերպով մասնակցիլ ազգային-հասարակական կեանքին, ինքնազարգացման եւ հոգեբանական ազատագրման։
Պէտք է յիշեմ որ երբ Սեզա առողջական եւ այլ պատճառներով պիտի դադրեցնէր «Երիտասարդ Հայուհի»ն, իր սկզբունքին հաւատարիմ մնալով, տրամաբանական գործարքով մը պարբերականի արտօնագիրը ծախեց «Երիտասարդ Հայ.» շաբաթաթերթի հիմնադիր՝ Յովսէփ Մելքոնեանին, որուն դերը մեծ եղաւ որպէս անկախ, անկուսակցական, հետախուզական լրագրութեան (investigative jurnalism) ասպարէզէն ներս հայ լրագրութեան պատմութեան մէջ։
Սեզայի «Նամականի»ն անսպառ աղբիւր մըն է 1930-1960-ական թուականներու կեանքը ուսումնասիրող ուսանողին, պատմաբանին եւ գրականագէտին համար։ «Նամականի»ն կ՚ընդգրկէ հայ մամուլի յայտնի դէմքերէն Անդրանիկ Ծառուկեանի («Նայիրի» ամսագիր) եւ բանաստեղծ, թարգմանիչ, խմբագիր եւ երկարամեայ կրթական մշակ Վահէ-Վահեանի նամակները (Սարգիս Ապտալեան), որոնց մէջ դժուար չէ կարդալ երիտասարդ հոգիներու ունեցած մարդկային, սիրային եւ գրականութեան հանդէպ զգացումներն ու մեկնաբանութիւնները։
Նամակը, որպէս արտայայտման գրաւոր ձեւ մը, հնարաւորութիւն կու տայ նամակագրին ըլլալ անկեղծ, յաճախ անկաշկանդ ու տրուիլ զգացումներու զեղումներուն։ Այս պատճառով ալ այդ նամակները կը յատկանշուին գրական արժանիքներով։ Յաճախ կը նկատուին նաեւ քնարական յատկանիշներ։ Այս առումով Սեզայի «Նամականի»ն կարելի է նկատել դասական օրինակ մը։ Քնարական զեղումներ, խոստովանութիւններ ու ներքին խռովքներու նկարագրութիւններ «Նամականի»ն կը վերածեն իւրատեսակ վէպի մը, որուն գլխաւոր հերոսներն են Ա. Ծառուկեան, Սարգիս Ապտալեան (Վահէ-Վահեան) եւ Սեզա։
Սարգիս Ապտալեան 11 Օգոստոս 1933-ին կը գրէ Երուսաղէմէն. «Սիրելի Սիրան, Երուսաղէմ...Ոստան սուրբերու, քաղաք պարսպապատ ու նաեւ գմբէթազարդ։ Անտառ աշտարակներու։ Օրօրոց ու գերեզման որդւոց մարդոց, այլ մանաւանդ՝ այգի արբեցութեան ու տուն խրախճանքի...։ Կը շրջիմ փողոցները, ռունգերուս մէջ կարօտն յաւէտ իմ Սուրամիթիս բացակայ բոյրերուն...։ Մտածումս կը հետապնդէ զայն (Սուրամիթին) նորէն, իմ անառակ, յանցապարտ մտածումս։ Կը տեսնեմ զինք իր գերագոյն խենդութեանը մէջ...»։
Ուրիշ նամակի մը մէջ կը կարդանք. «Սիրան, շաբաթ մըն է գրած եմ քեզի, ու տակաւին քու բառերուդ գինին չհասաւ ինծի։ Կը սպասեմ թուղթիդ»։
Ինչպէս պիտի նկատէ ընթերցողը, անձնական մտերիմ նամակները կը զգենուն գրական-գեղարուեստական տարազ։ Կայ պատկերաւոր մտածողութիւն (քու բառերուդ գինին...), յաջող համեմատութիւններ եւ պատկերաւոր լեզու։
Ահաւասիկ նմոյշ մը Անդրանիկէն, որուն նամակներուն երիտասարդ (իր երեսուններուն մէջ) Սիրան կը դիմէ նաեւ աւելի մտերմիկ դիմելաձեւով՝ «Սիրելի Անդրանիկ», «Թանկագին տղաս», «Ճանիկս» եւ այլն։ Յիշենք որ նամակագիրները իրենց երեսուններուն մէջ են, Սիրան տակաւին պարմանուհի տարիքին ժամանակէն շուտ հասունցած եւ կրթուած էր «Ռոպերթ քոլէճ»ի միջավայրին մէջ, Անդրանիկն ու Սարգիս Ապտալեանը՝ մանկութեան հաճոյքներէն զրկուած «մանկութիւն չունեցող» վերապրողներ էին, որոնք Միջերկրականի Փիւնիկեան ափերուն կը հանդիպին Քոլումպիա համալսարանի շրջանաւարտուհի ազատամիտ ու զանազան բարդոյթներէ ազատագրուած Օրդ. Սիրան Զարիֆեանին...։
Այս հանգրուանին ամէնէն դժուարը Սիրանին վիճակն է՝ որո՞ւն տալ նախապատուութիւնը, մէկը հանդարտաբարոյ, ռոմանտիկ, երազկոտ, բանաստեղծ Սարգիսի՞ն, թէ՞ կրակոտ, «յարձակողական», անմիջական եւ իրերը իրենց անուններով կոչող Անդրանիկին...
Այսօրուան ընթերցողը ի՚նք պիտի դատէ այս երիտասարդ հոգիները՝ առանց նախապաշարումներու եւ «բարոյական բարձր» սկզբունքներու տուրք տալու, որովհետեւ գործ ունինք այնպիսի հոգիներու հետ, որոնց մէջ կայ ապրելու, սիրելու, «արեւն ըմպելու» արդար ցանկութիւն։
«Մի՞թէ մեղք է սիրելը»։
«Նամականի»ին վրայ Գէորգ Եազըճեանի դրած ճիգը, բանասիրական պրպտումները եւ իւրաքանչիւր երկրորդական թուացող մանրամասնութիւն մեկնաբանելը վիթխարի աշխատանքի մը արդիւնք է։ Արդարեւ մենք անձնապէս հետեւելով իր յոյժ արհեստավարժ մօտեցման, տեսանք թէ ինչպէս ան ծանօթագրած է իւրաքանչիւր «անհասկնալի եւ մութ» թուացող մանրամասնութիւն։ Արդիւնք, 444 էջնոց նամակներու Ա. հատորը հարստացած է Սեզայի Կենսագրութեամբ, 1548 ծանօթագրութիւններով, անձնանուններու եւ տեղանուններու ցանկերով (ընդհանուրը 718 էջ)։ Որով մենք մեզի արտօնութիւն կու տանք սոյն հրատարակութիւնը յանձնել ՀՀ Կաճառի Գրականութեան հիմնարկի ուշադրութեան, որպէսզի հեղինակը արժանանայ յատուկ գնահատանքի։
(*) Սիրան Սեզա, «ՆԱՄԱԿԱՆԻ» Ա. հատոր, կազմեց եւ ծանօթագրեց Գէորգ Եազըճեան, «Հայաստան» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2023, 718 էջ, հաստ կազմ։
Դոկտ. Մինաս Գոճայեան
Նիւթը՝ «Ակօս»էն / Պոլիս