image

Շուտափոյթ ապաքինման մաղթանք՝ Փիէռ Շամմասեանին

Շուտափոյթ ապաքինման մաղթանք՝ Փիէռ Շամմասեանին

Լիբանանահայ անուանի դերասան Փիէռ Շամմասեան  որ առնուազն մէկ օրով  ապաքինման համար մնացած է հիւանդանոցին մէջ, փոխադրուած է բնակարան եւ կը հետեւի բժիշկներու ցուցմունքներուն։

 Այս մասին «Արեւելք»ին հաղորդեց լրագրող եւ խօսնակ՝ Գէորգ Տէրտէրեան։ 

 Տէրտէրեան մասնաւորապէս նշեց, որ Շամմասեան եւ անոր տիկինը ՝  վարակուած են «Քովիտ»ով եւ բարդ դրութեան մը մէջ փոխադրուած են հիւանդանոց։

 Աւելի ուշ  Շամմասեաններու վիճակը բարելաւուած է եւ անոնք վերադարձած են տուն, ուր կը հետեւին բժիշկներուն կողմէ կատարուած բուժումներուն։

 Բարի ապաքինում կը մաղթենք հանրայայտ դերասանին, որուն անունը եւ տաղանդը մեծ ճանաչում ունին, ոչ միայն Լիբանանի այլ Մերձաւոր Արեւելքի արաբական երկիրներուն եւ լիբանանեան մեծ սփիւռքին մէջ։