Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ կնոջ հետ այցելած է Արցախի Շուշի քաղաք, որ 44-օրեայ պատերազմի հետեւանքով այժմ կը գտնուի Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ:
Անոնք ծանօթացած են քաղաքին մէջ ընթացող շինարարական աշխատանքներուն:
Ալիեւը Շուշիի մէջ յայտարարած է, որ «իրենք մէկընդմիշտ վերադարձած են այս հողեր, հարազատ հողեր եւ այստեղ պիտի ապրին յաւերժ»: