Հունգարիոյ խորհրդարանը մայիսին նիստ կը կայացնէ՝ ՆԱԹՕ-ին Շուէտի եւ Ֆինլանտայի անդամակցութեան մասին փաստաթուղթերու վաւերացման հարցով: «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին հաղորդած է ԹԱՍՍ-ը՝ վկայակոչելով Չեխիա գտնուող Հունգարիոյ նախագահ Քաթալին Նովաքի յայտարարութիւնը:
«Հունգարիոյ խորհրդարանը Հիւսիսատլանտեան դաշինքին Ֆինլանտայի եւ Շուէտի անդամակցութեան հարցի շուրջ պէտք է քուէարկէ 17 մայիսին», - ըսած է ան:
Նովաք կ'աջակցի ՆԱԹՕ-ի ընդլայնման գործընթացին եւ խորհրդարանականներուն կոչ կ'ընէ աւելի արագ վաւերացնելու դաշինքի կազմէն ներս Հիւսիսային երկու երկիրներու ընդունման մասին փաստաթուղթերը: