image

Շիրակի մարզպետ պիտի նշանակուի Մուշեղ Մուրատեան

Շիրակի մարզպետ պիտի նշանակուի Մուշեղ Մուրատեան

ՀՀ Կառավարութիւնը այսօրուան՝ 26 յունուարի, նիստի օրակարգին մէջ եղած են Նազելի Պաղտասարեանը Շիրակի մարզպետի պաշտօնէն ազատելու եւ նոր մարզպետ նշանակելու հարցերը։

Կառավարութեան նիստի օրակարգէն կը տեղեկանանք, որ մարզպետ պիտի նշանակուի Մուշեղ Մուրատեանը։

Ան երկար տարիներ զբաղցուցած է Շիրակի մարզպետարանի հաշուեքննութեան բաժնի պետի պաշտօնը։

Յիշեցնենք, որ Նազելի Պաղտասարեանը հրաժարականի մասին տեղեկացուցած էր երէկ։