image

«Շիրակ» օդակայանին մէջ ռումբի մասին կեղծ ահազանգ կատարած տղամարդը ձերբակալուած է

«Շիրակ» օդակայանին մէջ ռումբի մասին կեղծ ահազանգ կատարած տղամարդը ձերբակալուած է

Գիւմրիի «Շիրակ» օդակայանին մէջ ռումբի մասին կեղծ ահազանգը կատարելու կասկածանքով ձերբակալուած է տղամարդ մը։ Տեղեկութիւնը յայտնած է ՆԳՆ խօսնակ Նարեկ Սարգսեանը։

«ՆԳՆ ոստիկանութեան ծառայողները, համագործակցելով ԱԱԾ գործընկերների հետ եւ ձեռնարկելով անհետաձգելի օպերատիւ-հետախուզական միջոցառումներ, կեղծ ահազանգը կատարելու կասկածանքով ձերբակալել են 36-ամեայ տղամարդու»,–նշած է Սարգսեանը։