Պարգեւատրուած է «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր՝ Շահան Գանտահարեան ՀՀ գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի պատուոգրով:
«Արեւելք» այս մասին տեղեկացաւ, ՀՀ ԳԱԱ-էն:
Շահան Գանտահարեանին պատուոգիրը յանձնած է ակադեմիայի հայագիտութեան եւ հասարակական գիտութիւններու բաժանմունքի ակադեմիկոս-քարտուղար, ՀՀ ԳԱԱ նախագահութեան անդամ՝ Եուրի Սուվարեան, որ մասնաւորապէս ըսած է,-«Մենք պէտք է մեր խնդիրները դիտարկենք համահայկական չափանիշներով եւ Հայաստանը հզօրացնենք նաեւ սփիւռքի աջակցութեան շնորհիւ:
Հայը միշտ պէտք է վստահ լինի, որ ցանկացած պարագայում կարող է վերադառնալ իր հայրենիք, պէտք է հպարտանայ, որ աշխարհի պետութիւնների շարքում կայ Հայաստան, որը զարգանում եւ հզօրանում է: Մենք սրան կարող ենք հասնել համատեղ ջանքերով՝ մեր բոլորի հնարաւորութիւնները միագումարելով»:
ՀՀ ԳԱԱ արեւելագիտութեան հիմնարկի տնօրէն՝ Ռոպերթ Ղազարեան շնորհաւորած է Շահան Գանտահարեանը, ըսելով թէ Լիբանանը Մերձաւոր Արեւելքի հայութեան ամենակարեւոր յենակէտներէն մէկն է եւ էական նշանակութիւն ունի իր աւանդական կուսակցութիւններու, հայկական եկեղեցիներու, լրատուամիջոցներու, Հայկազեան համալսարանի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան գործունէութեամբ: «Արտաքին ուժերը՝ Թուրքիան եւ միւսները, ամէն ինչ անում են, որպէսզի հայութեանը դուրս մղեն Մերձաւոր Արեւելքից: Այդ գործընթացներն այսօր էլ աշխուժ շարունակւում են: Ես կարծում եմ, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, որպէս Մերձաւոր Արեւելքի ամենահարաւային քրիստոնէական պետութիւն, պէտք է շատ ուշադիր հետեւի այդ գործընթացներին եւ փորձի աջակցել հայ համայնքների գործունէութեան ամրապնդմանը»,- ըսած է Ղազարեան:
ՀՀ ԳԱԱ պատմութեան հիմնարկի Հայկական գաղթօճախներու եւ Սփիւռքի պատմութեան բաժնի վարիչ, փրոֆեսոր՝ Գէորգ Ստեփանեան, միանալով շնորհաւորանքներուն, նշած է.- «Շատ կարեւոր է, որ Մերձաւոր Արեւելքում, յատկապէս այս դժուարին պայմաններում, մամուլը կարողանում է շարունակել իր գործունէութիւնը»:
Շահան Գանտահարեան, շնորհակալութիւն յայտնելով պարգեւատրման համար, նշած է, որ Հայաստանի գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի նախագահութեան կողմէ նման պատուի արժանանալը իսկապէս շատ պարտաւորեցնող է, եւ Սփիւռքը պէտք է խորացնէ իր համագործակցութիւնը նման գիտական կեդրոններու հետ: «Ես համոզուած եմ, որ սփիւռքի մէջ գործող որեւէ մամուլ անպայման իր հայեացքը պէտք է ուղղէ Երեւան եւ առաջին հերթին գիտութիւններու ակադեմիա, որպէսզի մենք կարողանանք համահայկական մտածողութեամբ, գիտական բոլոր տուեալներու հիման վրայ ճիշդ համահայկական օրակարգ մշակել եւ միասին աշխատիլ այդ օրակարգը իրականացնելու համար»: