image
Հրատապ լուրեր:

Սէուտցիներուն հետ բանակցութիւնները դրական են. Իրանցի դիւանագէտ

Սէուտցիներուն հետ բանակցութիւնները դրական են. Իրանցի դիւանագէտ

Վերջին բանակցութիւնները, որոնք տեղի ունեցան Պաղտատի մէջ Թեհրանի եւ Ռիատի միջեւ, լուրջ եւ յաջող էին: Մենք կրնանք ականատես ըլլալ մեր եւ սէուտցիներու միջեւ բանակցութիւններու արագացման:

 

Իրանի Արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Սայիտ Խաթիպզատէն այսօր` Երկուշաբթի, հաստատած է, որ Իրաքի մէջ Սէուտակեան Արաբիոյ եւ Իրանի միջեւ վերջին բանակցութիւնները յաջող անցած են:

«Վերջին բանակցութիւնները, որոնք տեղի ունեցան Պաղտատի մէջ Թեհրանի եւ Ռիատի միջեւ, լուրջ եւ յաջող էին», ըսած է Խաթիպզատէն մամուլի ասուլիսի ժամանակ` յաւելելով. «Մենք կրնանք ականատես ըլլալ մեր եւ սէուտցիներու միջեւ բանակցութիւններու արագացման»:

Այդ տեղի է ունեցած է, երբ աւելի վաղ Իրաքի մէջ Իրանի եւ Սէուտական Արաբիոյ բարձրաստիճան ներկայացուցիչներուն միջեւ տեղի ունեցած է բանակցութիւններուն հինգերորդ փուլը: Իսկ իրանեան «Noor News» գործակալութիւնը բացայայտած է, որ «երկու երկիրներու պաշտօնեաները բանակցութիւններու ընթացքին աւելի յստակ տեսլական գծած են յարաբերութիւններու վերականգնման վերաբերեալ» Իրանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ:

Երկու կողմերուն միջեւ բանակցութիւններու մթնոլորտին վերաբերեալ, լրատուական գործակալութիւնը նշած է, որ անոնք դրական են եւ քայլ են երկկողմ յարաբերութիւններու վերականգնման ուղղութեամբ` ակնկալելով մօտ ապագային Իրանի եւ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարներու միջեւ բանակցութիւններու փուլ:

Աւելի վաղ Իրանի Շուրայի խորհուրդին մէջ Ազգային անվտանգութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան յանձնաժողովի խօսնակ Մահմուտ Ապպասզատէ Միշքինին բարձր գնահատած է իրանա-սէուտական երկխօսութիւնը, զայն բնութագրելով որպէս «շատ դրական եւ կառուցողական»:

Յատկանշական է, որ իրանա-սէուտական յարաբերութիւնները վերջին շրջանին զարգացում ապրած են` ի դէմս Իրաքի մէջ բանակցութիւններու 5 փուլերուն: