image

Սեւանայ լճի մերձ սուզորդները դի մը յայտնաբերած են

Սեւանայ լճի մերձ սուզորդները դի մը յայտնաբերած են

Յուլիս 16-ին, ժամը 13:15-ին Գեղարքունիքի մարզային փրկարարական վարչութեան ճգնաժամային կառավարման կեդրոն ահազանգ ստացուած է, որ Սեւանայ լիճի հանգստեան գօտիներէն մէկու մօտակայքը՝ լիճին մէջ, կը նկատուին ռետինէ նաւակ եւ քաղաքացի։ Յայտնած են ՀՀ ՆԳՆ փրկարար ծառայութենէն:

Դէպքի վայր մեկնած է ՆԳՆ փրկարար ծառայութեան մարզային փրկարարական վարչութեան յատուկ նշանակութեան փրկարարական աշխատանքներու իրականացման կեդրոնի ջրասուզական խումբը:

Ջրասուզակները «Ժայռ» լողափին՝ ափէն մօտ 30 մեթր հեռաւորութեան վրայ, յայտնաբերած են քաղաքացին եւ տեղի ուժերու հետ վերջինիս դուրս բերած ափ․ շտապօգնութեան աշխատակիցներն արձանագրած են Լ․ Ղ․-ի (ծնած 1939 թ․) մահը։