 
                    ՀՀ ԳԱԱ Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկի եւ Գերմանիոյ Միւնսթէրի համալսարանի հնագէտներու արշաւախումբը Հայաստանի անթիք շրջանի մայրաքաղաք Արտաշատի մէջ բացայայտած է Հայաստանի՝ առ այսօր յայտնի ամենահին եկեղեցւոյ հիմնապատերը։ Եկեղեցին գտնուած է Հին Արտաշատի 17-րդ բլուրի արեւելեան լանջին եւ կը զբաղցնէ մօտաւոր 1000 քառ.մ մակերես, կը յայտնեն ԳԱԱ տեղեկատուութեան եւ հանրային կապերու բաժինէն։
«Ըստ ստացուած ռատիոածխածնային տուեալների՝ այս կառոյցը վերաբերում է 4-րդ դարի առաջին կէսին ու, փաստօրէն, Հայաստանի հնագիտօրէն փաստագրուած վաղագոյն եկեղեցին է»,- ըսած է արշաւախումբի ղեկավար, Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկի Հին Հայաստանի հնագիտութեան բաժնի վարիչ, պատմական գիտութիւններու թեկնածու Մկրտիչ Զարդարեանը:

Բացայայտումը կարեւոր վկայութիւն է Հայաստանի մէջ վաղ քրիստոնէութեան մասին։ «Յայտնագործութեան հիմնարար նշանակութիւնը նրանում է, որ էապէս լրացնում է Հայաստանում քրիստոնէութեան տարածման մեխանիզմների եւ վաղագոյն հոգեւոր կառոյցների ճարտարապետութեան մասին մեր պատկերացումները»,- կը շարունակէ Զարդարեանը։
«Սա առաջին ութանկիւն եկեղեցին է, որ յայտնաբերուած է Հայաստանի մէջ։ Ութանկիւն, չորս խաչաձեւ ելուստներով եկեղեցիներն այստեղ մինչ այժմ յայտնի չէին, սակայն մենք ծանօթ ենք դրանց Արեւելեան Միջերկրականի տարածաշրջանից, որտեղ նման կառոյցներն ի յայտ են գալիս հէնց մ.թ. 4-րդ դարից ի վեր»,- կը նկատէ ան:
.jpg)
Եկեղեցին կառուցուած է կրաշաղախով ամրացուած տեղական քարէ եւ, ամենայն հաւանականութեամբ, ունեցած է հարթ պատեր։ Պատերը տարբեր բարձրութեամբ պահպանուած են, որոշ հատուածներու վրայ կը հասնին 2.6 մեթրի, որոշ տեղեր՝ մօտ կէս մեթրի։ Գտածոներու տեսականին ու որակն ուսումնասիրելով՝ հնագէտները եզրակացուցած են, որ եկեղեցին կղմինտրածածկ եղած է եւ ունեցած է շքեղ ներքին յարդարանք։ Այդ մասին կը վկայեն այստեղ յայտնաբերուած փոքրասիական մարմարէ պատրաստուած պատերու երեսպատման բազմաքանակ սալերը եւ տարատեսակ քանդակազարդ բեկորները։
Աշխատանքը իրականացուած է ՀՀ ԳԱԱ Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկի «Արտաշատը՝ Անթիք Հայաստանի մշակութային, տնտեսական եւ սոցիալական համակարգում» պազային թեմայի եւ Գերմանական հետազօտական հիմնադրամի (DFG) Artaxata Project-ի շրջանակներու մէջ: