image

Սեւան Քէշիշեան. « Այսօր Սուրիան տնտեսական ճգնաժամի կիզակէտին է»

Սեւան Քէշիշեան. « Այսօր Սուրիան տնտեսական ճգնաժամի կիզակէտին  է»

 Պոլսոյ  «Ժամանակ»ին համար Հալէպահայ ազգային գործիչ տքթ. Սեւան Քէշիշեանի հետ զրուցեցինք վերջերս։ Ան երկարամեայ Սուրիոյ պատերազմին ընթացքին չէ լքած Հալէպը։ Ստորեւ կը ներկայացնենք տքթ. Սեւան Քէշիշեանի հետ մեր ունեցած հարցազրոյցին սղագրութիւնը։

*

-Ինչպէ՞ս կը գնահատէք յետպատերազմեան իրավիճակը Հալէպի մէջ։ Ի՞նչ են այսօր առկայ խնդիրները եւ դժուարութիւնները:

Իւրաքանչիւր պատերազմէ ետք անպայման կը տիրէ քաոսային վիճակ մը։ Խառնաշփոթ վիճակ կ՚ըլլայ երկրին մէջ, կը շատնան ամէն տեսակի անկանոնութիւններ՝ մինչեւ որ ամէն բան վերադառնայ իր նախկին հունին։ Ամենադժուար վիճակը, որմէ հիմա մենք կը տառապինք Հալէպի եւ ընդհանրապէս Սուրիոյ մէջ՝ տնտեսական ահռելի տագնապն է։ Մարդոց միակ հետաքրքրութիւնը դարձած է իրենց ապրուստը ապահովելու հարցը, աշխատավարձերը չնչին գումարներ կը կազմեն, իսկ անդին մարդիկ մեծ գումարներու պէտք ունին մէկ ամսուան ապրուստի համար: Այս առումով, առայժմ շատ դժուար վիճակի մէջ ենք, նոյնիսկ պատերազմի ընթացքին այս աստիճան չէր եղած տագնապը։ Իւրաքանչիւր տարի երանի կու տանք նախորդ տարուան, առայժմ ալ մութ է ապագան՝ չնայած մենք միշտ յոյսով ապրած ենք, որ ամէն տարի աւելի լաւ պիտի ըլլայ։ Անշուշտ, տակաւին յոյս ունինք, որ հրաշքներու կրնանք հանդիպիլ։ Այդպէս կ՚ըսեմ, որովհետեւ տեսած ենք, երբ երկար տարիներ զինեալներու տիրապետութեան տակ մնացած եւ միւս շրջաններուն փորձանք հանդիսացած տարածքները ընդամէնը 24 ժամուան ընթացքին վերադարձուեցան պետութեան ծոցը։ Իսկապէս դիւրին չէ, տասն տարի այսպիսի ծանր պատերազմ մը անցընելէ ետք տակաւին երկիր մը կրցած է կանգուն մնալ։ Եթէ այլ երկիրներ այսպիսի ահռելի պատերազմ մը ապրէին, կը կարծեմ, միայն քանի մը ամիս ետք արդէն մեր այսօրուան վիճակին կը հասնէին, իսկ Սուրիան կրցաւ տոկալ տասն տարի:

 

-Պատերազմի ողջ տեւողութեան դուք մնացիք, դիմադրեցիք եւ գործեցիք Հալէպի մէջ: Որպէս առողջապահական ոլորտի գործիչ՝ ի՞նչ բառերով կը բնութագրէք պատերազմը։

Պատերազմ կը նշանակէ սարսափ, արհաւիրք, ահռելի, անտանելի վիճակ եւ այդ մասին կը հասկնայ միայն ապրողը։ Շատեր դուրսէն կը լսեն, կը ցաւակցին, բայց միայն ապրողը գիտէ, թէ ի՛նչ կը նշանակէ պատերազմը: Առողջապահական առումով շատ դժուար օրեր անցուցինք։ Եղաւ շրջան մը, որ աղբերը կրելու կարելիութիւն չկար։ Քաղաքի մօտակայքին կուտակուեցան այդ աղբերը, որոնցմէ յառաջացան համաճարակներ, տարածուեցան վարակիչ հիւանդութիւններ՝ դեղնախտ, աղիքային հիւանդութիւն եւ այլն։ Միւս կողմէ, բեկորներէ ստացած վնասուածքներու պատճառով հաշմանդամ դարձան հազարներով մարդիկ՝ ըլլան անոնք զինուորներ կամ շարքային քաղաքացիներ։ Այդպէս եղաւ, որովհետեւ յատկապէս Հալէպի պարագային պատերազմը մեր տուներուն շուրջ էր։ Այդ օրերուն, երբ տունէն դուրս կ՚ելլէինք, չէինք գիտեր, թէ արդեօք ետ պիտի վերադառնա՞նք կամ ոչ, սարսափելի վիճակ էր: Ես ականատես եղայ Հալէպի պատերազմի բոլոր հանգրուաններուն՝ առաջին օրէն, մինչեւ ազատագրումը։ Տեսայ սկիզբի շրջանի կրակոցը, ռմբակոծութիւնները, թաղամասերէ տեղահան եղած ժողովուրդը, ատկէ ետք 1-2 տարի ապրեցանք ջուրի ահռելի տագնապը։ Այդ մէկը եւս ազդեց առողջապահական առումով, որովհետեւ մարդիկ սկսան ջրհորներէ օգտուիլ, մարդոց մօտ հերաթափութիւն, մաշկային հարցեր սկսան ծագիլ։ Ջուրին յաջորդեց ելեկտրական հոսանքի տագնապը։ Հալէպը ինն ամիս, անդադար, առանց ելեկտրականութեան էր… Պատկերացուցէք, հոսանքի հետ կապուած մեր տարրական կարիքները չէինք կրնար հոգալ, ստիպուած բերուեցան խոշոր ելեկտրածին շարժակներ (ժեներաթէօր), որոնք մինչեւ այսօր կ՚օգտագործուին, որովհետեւ ներկայիս ալ հոսանքը օրական դրութեամբ 2-3 անգամ կու տան՝ երկուքական ժամով։ Այս պայմաններուն տակ Հալէպը վերածուեցաւ մութ քաղաքի: Բացի ջուրի, հոսանքի, հրասանդերու այդ վախերը ապրելէ, մենք ամբողջ տասն օր մատնուեցանք անօթութեան։ Ապա եղան այնպիսի օրեր, երբ դպրոցները փակուեցան՝ յատկապէս պատերազմի առաջին տարին, սկսանք երազել դպրոցի զանգի ձայնը, երեխաներու զբօսանքի աղմուկը… Ապրեցանք օրեր, երբ փակուեցան շատ մը թաղամասեր, ուրկէ անդին զինեալներ կային, ճամբաները նոյնիսկ ինքնաշարժներ չէինք տեսներ։ Այսինքն ամէն տեսակի նեղութիւն ապրեցանք եւ պատերազմի աւարտին հասնելով հանդերձ՝ հիմա ալ տնտեսական ճգնաժամ կ՚ապրինք:

 

Սագօ Արեան

•շարունակելի

 

«Ժամանակ»/Պոլիս