Սիրոսի վարչական դատարանը որոշում հրապարակած է, համաձայն որու՝ Սեւան Նշանեանը ազատ պիտի արձակուի այսօր՝ Յունուար 7-ին։
Յունաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանությունը կը տեղեկացնէ, որ ըստ որոշման ան պարտաւոր է կամաւոր հեռանալ Յունաստանէն 15 օրուայ ընթացքին։
«Քանի որ Սեւան Նշանեանը ՀՀ քաղաքացի է, ցանկութեան պարագային ան կրնայ մեկնիլ Հայաստան», ըսուած է Յունաստանի մէջ ՀՀ դեսպանութեան հաղորդագրութեան մէջ:
Յիշեցնենք, որ Յունաստանի կառավարութիւնը չէ երկարաձգած Սեւան Նշանեանին՝ Յունաստանի քաղաքացիի հետ ամուսնացած ըլլալու կապակցութեամբ ձեռք բերուած կացութեան իրաւունքի ժամկէտը, որ լրացած է Դեկտեմբեր 29-ին: Նշանեան Դեկտեմբեր 30-ին ձերբակալուած էր կացութեան կարգավիճակի ժամկէտը լրանալու պատճառով: