image

Սերժ Սարգսեանի եղբայրը եւ ընտանիքի անդամները հրաւիրուած են դատախազութիւն

Սերժ Սարգսեանի եղբայրը եւ ընտանիքի անդամները հրաւիրուած են դատախազութիւն

ՀՀ երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեանի եղբայր Ալեքսանտր (Սաշիկ) Սարգսեանն ու ընտանիքի անդամները օգոստոս 13-ին հրաւիրուած են դատախազութեան ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման գործերով վարչութիւն։

Տեղեկութիւնը յայտնած է «Հետքը»:

«Դատախազութիւն են հրաւիրուել Ալեքսանդր Սարգսեանը, կինը՝ Աւրիգա Սարգսեանը, որդիները՝ Նարեկ եւ Հայկ Սարգսեանները, ինչպէս նաեւ նրանց հետ փոխկապակցուած Սոնա Սարգսեանը: Այս փուլում դատախազութիւնը տեղեկութիւններ չի փոխանցում, թէ ինչ գոյք կամ որքան դրամ է ենթակայ բռնագանձման: Պատճառաբանութիւնն այն է, որ շահագրգիռ անձիք կարող են ներկայացնել ապացոյցներ, որով հնարաւոր է հիմնաւորուի գոյքի օրինականութիւնը»,- գրած է կայքը։

Նշուած է, որ դատախազութիւնը բոլորին ծանուցած է, որ Սաշիկ Սարգսեանին պատկանող գոյքի առնչութեամբ ուսումնասիրութիւն իրականացուած է, որու հիման վրայ ընտանիքի անդամներու անուամբ հաշուառուած գոյքը եւս կը հանդիսանայ բռնագանձման առարկայ։

2019–ին Ալեքսանտր Սարգսեանի նկատմամբ յարուցուած էր քրէական գործ։ Ան կը մեղադրուէր առանձնապէս խոշոր չափերու խարդախութեան մէջ։

Քրէական գործով մեղադրեալ Ալեքսանտր Սարգսեանն իր կամքով 9 506 000 000 ՀՀ դրամին համարժէք 19 600 000 ամերիկեան տոլար նուիրաբերած է Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակին։