Հայաստանի կառավարութիւնը կ'առաջարկէ 44-օրեայ պատերազմին մեկնարկի օրը՝ Սեպտեմբեր 27-ն նշել որպէս Արցախի ժողովուրդին դէմ ատրպէյճանական յարձակման զոհերու յիշատակի օր:
«Տօների եւ յիշատակի օրերի մասին» օրէնքին մէջ փոփոխութեան նախագիծը պիտի ուղարկուի խորհրդարանի հաստատման:
Ատրպէյճանի մէջ նոյնպէս Սեպտեմբեր 27-ն կը նշուի որպէս յիշատակի օր, իսկ պատերազմի վերջին օրը՝ Նոյեմբեր 8-ն Ատրպէյճանի տօնացոյցին մէջ որպէս Յաղթանակի օր աւելցուած է: