image

Սեպտեմբեր 27-ն Արցախի դէմ ատրպէյճանական յարձակման զոհերու յիշատակի օր նշելու առաջարկ

Սեպտեմբեր 27-ն Արցախի դէմ ատրպէյճանական յարձակման զոհերու յիշատակի օր նշելու առաջարկ

Հայաստանի կառավարութիւնը կ'առաջարկէ 44-օրեայ պատերազմին մեկնարկի օրը՝ Սեպտեմբեր 27-ն նշել որպէս Արցախի ժողովուրդին դէմ ատրպէյճանական յարձակման զոհերու յիշատակի օր:

«Տօների եւ յիշատակի օրերի մասին» օրէնքին մէջ փոփոխութեան նախագիծը պիտի ուղարկուի խորհրդարանի հաստատման:

Ատրպէյճանի մէջ նոյնպէս Սեպտեմբեր 27-ն կը նշուի որպէս յիշատակի օր, իսկ պատերազմի վերջին օրը՝ Նոյեմբեր 8-ն Ատրպէյճանի տօնացոյցին մէջ որպէս Յաղթանակի օր աւելցուած է: