Գանատացի հանրայայտ երգչուհի Սէլին Տիոն առողջութեան վատթարացման հետեւանքով վերջինս վերջնականօրէն չեղեալ համարած է համերգները ներողութիւն խնդրելով իր երկրպագուներէն:
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ համացանցէն:
Ըստ լրատուական աղբիւրներու Սէլին Տիոնի առողջութեան վատացումը կը խանգարէ, որ ան շարունակէ իր գործունէութիւնը: Նշուած է, թէ ան կը տառապի Stiff-person syndrome հազուագիւտ հիւանդութենէ, որու պատճառաւ ալ դժուարութեամբ կը շարժի:
Երգչուհիին անընդհատ կ'ուղեկցի բժշկական անձնակազմ մը, որպէսզի ան աստիճանաբար վերադառնայ բնականոն կեանքին։ Կը նշուի նաեւ, որ բժշկական անձնակազմի յոյսերը այնքան ալ բարձր չեն:
Կը նշուի նաեւ, որ Տիոն մտադրութիւն ունի վաճառելու Լաս Վեկասի մէջ գտնուող եւ 30 միլիոն տոլարի արժող իր բնակարանը եւ փոխադրուիլ Գանատա ապրելու իր ընտանիքին կողքը։
Աւելի վաղ, Տիոն ընկերային հարթակներով յայտարարութիւն տարածած էր այն առումով, թէ չեղեալ պիտի համարուին իր գալիք բոլոր համերգները, եւ պէտք չէ շարունակել յետաձգել զանոնք, քանի որ անկարող է այլեւս ելոյթ ունենալ, եւ իր երկրպագուներուն խոստացած է վերադառնալ բեմ երբ պատրաստ ըլլայ եւ շարժելու կարողութիւնը վերագտած: Տիոն ըսած է, թէ երկրպագուները կրնան ետ ստանալ իր համերգներու վաճառուած տոմսերու արժէքին վաճառքի կէտերէն։
Մինչ այդ, Սէլին Տիոնի գեղարուեստական անձնակազմը կը շարունակէ աշխոյժ պահել երգչուհիի պաշտօնական էջերը ընկերային հարթակներով, հրապարակելով անոր երգերը, գրառումները, ուր ան կը ստանայ բոլորին աջակցութիւնը եւ շուտով բեմ վերադառնալու մաղթանքները: