Երկրապահ կամաւորականներու միութեան «Պատանի երկրապահ» ուսումնամարզական ճամբարին մէջ Մայիս 19-ին տեղի ունեցած է ԵԿՄ 13-րդ արտահերթ համագումարը, որ մեկնարկած է ԵԿՄ հոգեւոր հովիւ Տէր Ենոք քահանայ Եսայեանի օրհնութեամբ եւ աղօթքով:
Համագումարի 211 պատուիրակներէն ներկայ եղած են 206-ը: Համագումարի ժամանակ հաստատուած է ԵԿՄ վարչութեան եւ վերստուգիչ յանձնաժողովի նոր կազմը, որ բաղկացած է 25 անդամէ: ԵԿՄ վարչութեան նախագահ Սասուն Միքայէլեանը հանդէս եկած է ամփոփիչ ելոյթով:
Համագումարի ընթացքին տեղի ունեցած էնորընտիր վարչութեան նիստը, որու օրակարգին վարչութեան նախագահի ընտրութեան հարցն էր: Վարչութեան անդամներու եւ համագումարու պատուիրակներուն կողմէ ԵԿՄ վարչութեան նախագահ վերընտրուեցաւ Սասուն Միքայէլեանը: