Այս ծանր իրավիճակին մէջ մենք պէտք է աւելի խելօք ու համախմբուած ըլլանք, այն ժամանակ հնարաւորութիւն եղաւ, համախմբուած էինք, ազատագրեցինք հայրենիքը, այսօր ե՛ս ալ մեղաւոր եմ, թէ՛ նախորդ պետական այրերն ալ մեղաւոր են հողերը ետ տալու համար։ Այս մասին «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոնին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցին ըսած է Երկրապահ կամաւորական միութեան նախագահ Սասուն Միքայէլեանը։
Անոր խօսքով՝ 90-ականներուն իրենք ալ չէին պատկերացներ, որ կրնային տարածքներն ազատագրել եւ միայն Վազգէն Սարգսեանի շնորհիւ համախմբուելու միջոցով յաջողած են հասնիլ ատոր։
Դիտարկման, որ Սպարապետը ժամանակին խօսած է նաեւ Մեղրիի մասին՝ ըսելով, որ «Մեղրին մի օր պայթելու է Երեւանի կեդրոում», մինչդեռ այժմ կը խօսուի միջանցք տալու մասին, Սասուն Միքայէլեանն արձագանգած է․ «Ո՞վ է խօսում միջանցք տալու մասին։ Ամբողջ պայքարը գնում է այդ միջանցքի համար, որ չպիտի տանք»։