image

Սասուն Միքայէլեանի եւ Վլադիմիր Գասպարեանի կառուցած ապօրինի շինութիւնները պիտի քանդուին․ գլխաւոր դատախազ

Սասուն Միքայէլեանի եւ Վլադիմիր Գասպարեանի կառուցած ապօրինի շինութիւնները պիտի քանդուին․ գլխաւոր դատախազ

ՀՀ գլխաւոր դատախազ Աննա Վարդապետեանը Կառավարութեան նիստին յայտնած է, որ Սասուն Միքայելեանի եւ Վլադիմիր Գասպարեանի կողմէ «Սեւան» ազգային փարքի տարածքին մէջ կառուցուած ապօրինի շինութիւնները պիտի քանդուին։

Վարդապետեանը նաեւ նշած է, որ «Սեւան» ազգային փարքի տարածքին մէջ շարք մը հողամասերու կառուցապատման փաստերը թաքցուած են, եւ այդ հողերը տրամադրուած են որպէս վարձակալական իրաւունքով հողամասեր։ Այդ գոյքերէն շատերը փաստացի գոյութիւն ունին, սակայն փաստաթուղթերու մէջ չեն հաշուառուած։

«Խօսքը յայտնի գոյքերի մասին է․ մէկը «Հարսնաքար»-ն է, միւսը՝ Վլադիմիր Գասպարեանին պատկանող առանձնատունը։ Դրանց մի մասը գտնւում է ջրի մակարդակից ցածր, միւս մասը՝ ոչ։ Կայ գոյք, որը պատկանում է Նորայր Փանոսեանին։ Բոլոր գործարքներն իրականացուել են ոչ թէ ուղղակի պաշտօնատար անձանց հետ, այլ նրանց մայրերի, զոքանչների կամ փոխկապակցուած իրաւաբանական անձանց միջոցով։

Նշուած առանձնատունը փաստացի կը պատկանի Ռուբէն Հայրապետեանին։ Մէկ գոյք պատկանում է Սասուն Միքայէլեանին, մէկ այլ գոյք՝ իրաւաբանական անձի, որի ղեկավարը միջին օղակի պաշտօնատար անձ է։ Այս աշխատանքներն ընդգրկում են ինչպէս նախկին, այնպէս էլ ներկայ պաշտօնատար անձանց»,- նշած է Վարդապետեանը։