image
Հրատապ լուրեր:

Նախագահ Սիսի երրորդ նստաշրջանի մը համար վերընտրուեցաւ. Ան հաւաքած է քուէներուն 89,6%-ը

Նախագահ Սիսի երրորդ  նստաշրջանի մը համար վերընտրուեցաւ. Ան հաւաքած է քուէներուն 89,6%-ը

Եգիպտոսի նախագահ ընտրուած է Ապտըլ Ֆաթահ Սիսին, կը վկայեն քուէարկութեան պաշտօնական արդիւնքները։ 

Եգիպտոսէն դուրս եւ երկրին մէջ ընդհանուր քուէարկութեան ժամանակ ընտրողներու 89,6%-ը քուէարկած է Սիսիի օգտին։

Նախագահական ընտրութիւնները մեկնարկած էին անցեալ շաբաթ, անոնք տեւած էին երեք օր:

Ապտըլ Ֆաթահ Սիսիին Եգիպտոսի ղեկավարութիւնը ստանձնած է 2014 թուականին նախագահ Մոհամետ Մուրսիի տապալումէն գրեթէ մէկ տարի անց կայացած ընտրութիւններուն։ Որպէս գլխաւոր հրամանատար եւ պաշտպանութեան նախարար, Սիսին կեդրոնական դեր խաղցած է յեղաշրջման գործին մէջ: 2018 թուականի մարտին ան վերընտրուած է երկրորդ ժամկէտով, որ պէտք է ըլլար անոր վերջինը, սակայն անկէ անմիջապէս ետք Եգիպտոսի մէջ առաջացած է սահմանադրական փոփոխութիւններու հանրաքուէ կայացնելու գաղափարը։ Այն տեղի ունեցած է 2019 թուականի ապրիլին։