Վրաստանի նախկին նախագահ Միխայիլ Սահակաշվիլին, որ այժմ բանտն է, համաձայնած է բուժման եւ համագործակցութեան բժիշկներուն հետ, ըսած է անոր փաստաբան Տմիթրի Սաձակլիշվիլին։
«Միխայիլ Սահակաշվիլիի հետ շփման խնդիրները վերացուած են, եւ այդ պատճառով Սահակաշվիլին դադրեցուցած է բողոքի ծայրահեղ ձեւը՝ հրաժարումը բուժումէն, քննութիւններէն եւ այլն», ըսած է փաստաբանը Ռուսթավիի բանտին մէջ Սահակաշվիլիի հետ հանդիպումէն յետոյ։
Ան յաւելած է, որ կրցած է իր պաշտպանեալին հետ հաղորդակցիլ այնպիսի ձեւով, որ կը բացառէ Վրաստանի պետական անվտանգութեան ծառայութեան կողմէ անոնց խօսակցութիւնը ձայնագրելու հնարաւորութիւնը։ Այս թոյլ տուած է հասնելու անոր, որ նախկին նախագահը դադրած է սրելէ իր բողոքը, ըսած է Սաձակլիշվիլին։
Աւելի վաղ, Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Ղարիպաշվիլին յայտնած էր, որ նախկին նախագահ Միխայիլ Սահակաշվիլիի տեղափոխումը Ուքրանիա, ինչպէս նաեւ բանտէն վաղաժամկէտ ազատումը բացառուած է։ Անոր խօսքով` եթէ տեղի ունենայ այդ հաւանականութիւններէն մէկը, այդ կը նշանակէ, որ Վրաստանի ամբողջ կառավարութիւնը պէտք յաջորդ օրը հրաժարական տայ։