image

Նազարէթ Անտէքեանին առողջութեան մաղթանք

Նազարէթ Անտէքեանին առողջութեան մաղթանք

 Լիբանանի  եւ մասնաւորապէս Պեքայի հայկական շրջանակներուն ծանօթ անուն հանդիսացող  Նազարէթ Անտէքեան օրերս  սրտի բաց գործողութեան մը ենթարկուած է։ 

 Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Անտէքեանի հարազատներէն։

 Մեր ունեցած տուեալներով Անտէքեան անակնկալ անհանգստութիւն մը ունեցած է, որուն հետեւանքով ալ եւ անսալով մասնագէտ բժիշկներու խորհուրդին ենթարկուած է սրտի բաց գործողութեան։

 Գործողութիւնը տեղի ունեցած է  «Ռըզք»  հիւանդանոցէն ներս եւ պսակուած է ամբողջական յաջողութեամբ, իսկ Անտէքեան ներկայիս կը բոլորէ կազդուրման շրջան մը։

Յիշեցնենք,  որ  Նազարէթ Անտէքեան   բաւական   աշխոյժ   գործունէութիւն կը ծաւալէ  հասարակական-ազգային  ոլորտին մէջ  եւ ան  անդամ է  Այնճարի քաղաքապետական խորհուրդին (Անտէքեան Այնճար   հայաւանի  փոխ-քաղաքապետն է)։

 Առողջութիւն կը մաղթենք Նազարէթ Անտէքեանին ու նոյնպէս մեր ողջոյնները կ՚ուղղարկենք մեր թերթի լաւ բարեկամ միջազգայնագէտ-քաղաքագէտ դոկտ. Սահակ Անտէքեանին։