image

Նոր Սահմանադրութեան նախագիծը պիտի ուղարկուի Վենետիկի յանձնաժողով

Նոր Սահմանադրութեան նախագիծը պիտի ուղարկուի Վենետիկի յանձնաժողով

Հայաստանի կառավարութեան ներկայացուցած նոր Սահմանադրութեան նախագիծը պիտի ուղարկուի Վենետիկի յանձնաժողով։ Այս մասին լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի ընթացքին յայտնած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան՝ անդրադառնալով ընդդիմութեան դիտարկումներուն, թէ նոր Սահմանադրութեամբ ամրագրուած շարք մը դրոյթներ կը բացառեն Հայաստանի՝ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան գործընթացը։

«Նախագիծն ուղարկուելու է Վենետիկի յանձնաժողով՝ այդ հարցերին պատասխան տալու համար, կը պատասխանի՝ կը տեսնենք», ըսած է Փաշինեան։

Հայաստանի կառավարութիւնը Նոյեմբեր 23-ին հրապարակած է նոր Սահմանադրութեան նախագիծը, որուն շուրջ արդէն իսկ հանրային լայն քննարկումներ սկսած են։

Իշխող «Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւոր Արուսեակ Մանաւազեան յայտարարած է, որ Սահմանադրութեան նախագիծին շուրջ քննարկումները պիտի շարունակուին մինչեւ 2027 թուականի գարուն։

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ալ յայտարարած է, որ քննարկումներու արդիւնքներուն հիման վրայ Սահմանադրութեան նախագիծը պիտի լրամշակուի, սակայն այն չի կրնար դուրս գալ «Իրական Հայաստան»ի գաղափարախօսութեան տրամաբանութենէն։